2013-03-29 11:02:40

Հայկական Նոր Սփիւռքին Նուիրուած Գիտաժողով՝ Ապրիլ 27ին


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին ու Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկի համատեղ ջանքերով, «Անկախութենէն ետք. 1991էն ետք գոյացած հայկական նոր Սփիւռքի որոնում» խորագիրով միջազգային միօրեայ գիտաժողով մը պիտի կայանայ Շաբաթ, Ապրիլ 27ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի համագումարներու «Տէյվիտսըն» կեդրոնը, առաւօտեան ժամը 9:30էն երեկոյեան ժամը 5:30:
Զանազան ուսումնասիրութեանց ներկայացումով ու քննարկումներով, գիտաժողովին նպատակն է հետազօտել Հայաստանի վերանկախացման հետեւանքները Սփիւռքի տարբեր բնագաւառներու մէջ:
Չորս գլխաւոր նիւթերու շուրջ կայանալիք քննարկումներուն պիտի մասնակցին հայկական, սփիւռքեան ու միջցեղային հարցերու մասնագէտներ ու մտաւորականներ:
Քննարկուելիք գլխաւոր նիւթերն են՝ «Վերատեսութիւններ ու վերադարձի հարցը», «Մշակոյթն ու լեզուն եղափոխուող Սփիւքին մէջ», «Սփիւռքի եւ ազգայնականութեան նոր մեկնաբանութիւններ» ու «Համացանցային տարածքը եւ տեղեկութեանց փոխանակման քաղաքականութիւնը»:
Մուտքը ազատ է








All the contents on this site are copyrighted ©.