2013-03-29 11:02:30

Հայաստանի Կառավարութիւնը Երեք Նոր Դեսպանատուներ Կը Հիմնէ Շուէտի, Մեքսիքոյի Եւ Ինտոնեզիոյ Մէջ


Հայաստանի կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին որոշեց ընդառաջել նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրին` նոր դեսպանատուներ հիմնելու գծով: Այս ծիրին մէջ Շուէտի մէջ կը հիմնուի նոր դեսպանատուն մը: Նշենք, որ Շուէտ սկանտինաւեան միակ երկիրն է, որ 2010-ին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Մեքսիքոյի մէջ դեսպանատան հիմնումը նոյնպէս անհրաժեշտ կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ Հայաստան Հարաւային Ամերիկայի մէջ դեսպանատուներ ունի միայն Արժանթինի եւ Պրազիլի մէջ: Իսկ Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ` ոչ մէկ դեսպանատուն:
Ինտոնեզիոյ մէջ դեսպանատան հիմնումը նոյնքան կարեւոր կը նկատուի` տրուած ըլլալով, որ Ինտոնեզիա տնտեսական արագ աճ արձանագրող իսլամական մեծագոյն երկիրներէն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.