2013-03-29 11:02:20

Դամասկոսի Համալսարանին Ռմբակոծումը Առնուազն 10 Զոհ Կը Խլէ


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Մարտ 28ին, Դամասկոսի համալսարանին վրայ արձակուած հրթիռները ինկած են ուսանողական ճեմարանը՝ սպաննելով առնուազն 10 հոգի եւ վիրաւորելով 20է աւելի ուրիշներ: Կարգ մը այլ աղբիւրներու համաձայն՝ սպաննուած է 15 հոգի:
Միւս կողմէ, Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Թուրքիա «հարիւրաւոր» սուրիացի գաղթականներ արտաքսած է սահմանային շրջաններէն՝ գաղթակայաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած բախումներէն ետք: Արդարեւ, մէկ օր առաջ հրդեհ մը ծագած էր սահմանամերձ Ուրֆա քաղաքին մօտերը հաստատուած սուրիական գաղթակայանին մէջ, որուն հետեւանքով մահացաւ սուրիացի կին մը: Այս միջադէպէն ետք, արդէն իսկ իրենց վիճակէն դժգոհ գաղթականները բողոքի ցոյց մը կատարեցին իրենց ապրուստի պայմաններուն դէմ, եւ իբրեւ հետեւանք՝ բախումներ տեղի ունեցան թուրք ոստիկաններու հետ:
Քաղաքական գետնի վրայ, Հարաւային Ափրիկէի մէջ գումարած իրենց վեհաժողովին ընթացքին, ՊՐԻՔՍի անդամ երկիրներու՝ Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի, ղեկավարները խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Սուրիոյ կացութեան վատթարացման գծով: Անոնք կոչ ըրին Սուրիոյ տագնապը քաղաքականօրէն լուծելու՝ մերժելով ռազմական ընտրանքը:
Իր կարգին, Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի հրաժարեալ նախագահ Մոազ Խաթիպ վերահաստատեց, թէ ինք հաստատ կը մնայ իր հրաժարականին վրայ: Քաղաքական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Խաթիպ դժգոհ է յատկապէս այն իրողութենէն, որ ընդդիմադիրներու ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետ ընտրուած էր Ղասսան Հիթօն, որ Թեքսասէն սուրիացի քիւրտ մըն է: Խաթիպ նաեւ «զարմանք յայտնեց», թէ Արեւմուտքը կը մերժէ Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած «Փեթրիըթ» տիպի ամերիկեան հրթիռները սուրիական ընդդիմութեան յանձնելու իր առաջարկը: Խաթիպ Տոհայի արաբական վեհաժողովին կոչ ըրած էր Արեւմուտքի երկիրներուն, որ զինուորապէս օգնեն ընդդիմադիր ուժերուն: Մարտ 27ին, Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Ճան Քերի եւ Լորան Ֆապիւս խորհրդակցած են սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու արգելքի վերացման քայլերուն շուրջ:
Միւս կողմէ, հետեւելով Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ օրինակին՝ Իրան եւս խստօրէն քննադատեց Տոհայի արաբական վեհաժողովին ընթացքին Արաբական լիկային մօտ Սուրիոյ աթոռը ընդդիմութեան փոխանցելու քայլը: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի նշեց, որ անիկա վտանգաւոր նախընթաց մըն է՝ աւելցնելով, թէ անոր պատասխանատուները պիտի կրեն այդ քայլին հետեւանքները: Սալեհի ցաւ յայտնեց անոր համար, որ կարգ մը երկիրներու անպատասխանատու որոշումները թափ կու տան Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան շարունակման:








All the contents on this site are copyrighted ©.