2013-03-29 11:32:03

Աւագ Ուրբաթ։ ֆրանչիսկոս Պապին Գործունէութիւնը։
Ճանապարհ Խաչիի Արարողութիւնը Գոլոսսէումի Մէջ


Ուրբաթ 29 մարտ։ Աւագ Ուրբաթ է։ Այս օրը նուիրուած է Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակութեան։
ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յետ միջօրէի ժամը 5-ին՝ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, կը գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը։ Արարողութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենայ խաչի երկրպագութեան կարգը ու ապա Նորին Սրբութիւնը կարտինալական դասին կը բաշխէ սուրբ հաղորդութիւնը։ Մինչ Քահանայապետական Տան Քարոզիչ` Հայր Րանիէրօ Քանդալամէսսան օրուան պատգամը փոխանցեց ''հաւատքի միջոցաւ փրկուած`Քրիստոսի արիւնով'' նիւթին մասին։

Երեկոյեան՝ ժամը 21.15ին (Իտալիոյ ժամով) Սրբազան Հայրը կը նախագահէ Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը, որ ամէն տարի տեղի կ՝ունենայ Հռոմի երկհազարամեայ ՝՝Գոլլոսէում՝՝ աշխարհածանօթ Ամփիթատրոնին մէջ։ Այս տարուայ ՜՜Ճանապարհ խաչի՝՝ի արարողութեան խորհդածութիւնները պատրաստուած են Լիբանանցի երիտասարդներու կողմէ որոնք ներկայ պիտի գտնուին արարողութեան։ Յայտնենք որ ճանապարհ խաչի 8րդ կայանի խորհրդածութիւնը պատրաստուած է Լիբանանցի Հայ Կաթողիկէ երիտասարդներու կողմէ։ 8րդ կայանը կը խօսի Երուսաղէմի կիներուն հետ Յիսուսի հանդիպումի մասին` երբ Յիսուս զանոնք կը մխիթարէ ըսելով` ''Մի լաք իմ վրաս, այլ լացէք ձեր մեղքերուն վրայ։''
Ճանապարհ խաչիի առաջին կայանին ''խաչը'' կը կրէ Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին ու ապա, հանգրուան առ հանգրուան, իսը կը կրեն իտալիայէն, Սուրբ երկիրէն, Չինաստանէն, Լիբանանէն, ափրիկէյէն, լատին ամերիկայէն, ու այլ վայրերէն հռոմ ժամանած հաւատացեալներ։

Խաչի ճանապարհի արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը պիտի ուղղէ հաւատացեալներուն, տալով՝ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.