2013-03-29 10:08:52

Աւագ Հինգշաբթի. Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Հանդիսապետութեամբ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին


Երէկ` հինգշաբթի, 28 մարտ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի կարգը` հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, մասնակցութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ փոխժողովրդապետ Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի ու ներկայութեամբ մեծաթիւ հաւատացեալներու:
Ոտնլուայի արարողութենէն ետք, օրուան պատգամը փոխանցեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ իր քարոզին մէջ խօսեցաւ քահանայական եւ Ս. հաղորդութեան խորհուրդներուն արժէքին ու կարեւորութեան մասին:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը հաստատեց, որ Ս. հաղորդութիւնը պէտք չէ ստանալ անարժանութեամբ, որովհետեւ Ս. հաղորդութիւնը հոգեւոր սնունդ է, որ իբրեւ հարազատ քրիստոնեայ ապրելու համար կու տայ ուժ:
Հոգեւոր տէրը նաեւ ըսաւ, որ Յիսուս մեզմէ իւրաքանչիւրին համար իր կեանքը զոհեց, եւ ամէն օր չի դադրիր մեզի իր շնորհները ընծայելէ: 30 արծաթէ դրամի համար Յիսուսը ծախող մատնիչի ժխտական տիպարին անդրադառնալէ ետք, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կոչ ուղղեց հետեւելու Յիսուսի ուղիին, ապրելու բարութեամբ եւ սիրով, չարը չփոխադարձելու չարութեամբ, ինչպէս Յիսուս կատարեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.