2013-03-28 13:02:09

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 7 Ապրիլին Կը Ստանձնէ Հռոմի Թեմը։


Յառաջիկայ 7 ապրիլին` նոր կիրակիի օրը երեկոյեան ժամը 5։30-ին, ֆրանսչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գահակալութեան պատարագը պիտի մատուցանէ Հռոմ թեմի աթոռանիստ եկեղեցւոյ` Լատերանեան Ս. Յովհաննէս պազելիքայի մէջ։ Սոյն արարողութիւնը Քահանայապետութեան սկզբնաւորութեան, առաքելական սահմանադրութենէ նախատեսուած վերջին գործն է եւ կը նշէ Սրբազան Քահանայապետի Հռոմի Թեմի Եպիսկոպոսի պաշտօնի ստանձնումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.