2013-03-28 13:11:50

Ս. Զատկուայ Տօնին Առթիւ ֆրանսայի Մէջ Աւելի Քան Հինգ Հազար Չափահասներ Մկրտութեան Խորհուրդը Պիտի Ստանան։


2013-ի Յարութեան ճրագալոյցի ծիսակատարութեան ընթացքին, աւելի քան 5.000 չափահասներ, ֆրանսայի մէջ պիտի ընդունին մկրտութիւնը, դրոշմը եւ առաջին հաղորդութեան խորհուրդները։ Իսկ Հոգեգալուստի կիրակին շուրջ երեք հազար հոգիներ դրոշմի խորհուրդը պիտի ընդունին։
''Քրիստոնեայ դառնալու չափահասներու այս նախաձեռնութիւնը խթան մըն է ֆրանսայի եկեղեցւոյ համար'', ըսած է գերապայծառ Պերնար Բոտովան` ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասին բանբերը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.