2013-03-28 12:20:16

Իրան Եւ Ռուսիա Բուռն Կերպով Կը Քննադատեն Արաբական Լիկային Մօտ Սուրիոյ Աթոռը Ընդդիմութեան Փոխանցելու Քայլը


Տոհայի արաբական վեհաժողովէն անմիջապէս ետք, քննադատական բուռն կեցուածքներ դրսեւորուեցան վեհաժողովի ընթացքին Արաբական լիկային մօտ Սուրիոյ պաշտօնական «աթոռ»-ը ընդդիմութեան փոխանցելու քայլին առնչութեամբ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «ապօրինի» որակեց Արաբական լիկայի այս քայլը` ընդգծելով, որ Սուրիոյ վարչակարգը օրինական ներկայացուցիչն է այդ «աթոռ»-ին: ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի իր կարգին քննադատեց Արաբական լիկայի այս քայլը` նշելով, որ անիկա վտանգաւոր նախընթաց մը կը կազմէ ու ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներու որոշումները թափ կու տան Սուրիոյ մէջ բրտութեան եւ արիւնահեղութեան շարունակման: Սալեհի վերահաստատեց, որ Իրան նախ եւ առաջ կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ բրտութեան կասեցման: Գալով Ամերիկացի եւ ֆրանսացի արտաքին գործոց նախարարներ Ճոն Քերրիի եւ Լորան Ֆապիւսի անոնք եւս խորհրդակցեցան սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու արգելքի վերացման քայլերուն շուրջ: Նշենք, որ Տոհայի արաբական վեհաժողովը իր աւարտական հաղորդագրութեամբ ազատ ձգած էր իւրաքանչիւր երկիր զինելու ընդդիմութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.