2013-03-28 12:50:13

Աւագ Հինգշաբթի։ Ֆրնաչիսկոս Պապի Գործունէութիւնը։
''Քահանայութեան Խորհուրդի Հաստատում Եւ Սուրբ Միւրոնի Օրհնութիւն։''


''Եղէ՛ք ոչխարներու հոտը ունեցող հովիւներ''

Հինգշաբթի 28 մարտի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, աւագ հինգշաբթի օրը, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ նախագահեց Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումի յիշատակի Պատարագը, հռոմի մէջ գտնուող կարտինալական դասին, եպիսկոպոսներուն եւ 1600 քահանաներու մասնակցութեամբ։Սուրբ Զոհի ընթացքին, եկեղեցական դասը նորոգեց Քահանայութեան ուխտերը ու տեղի ունեցաւ Սուրբ Իւղերու օրհնութիւնը (մկրտութեան` դրոշմի եւ հիւանդաց)։

Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները որ կը խօսին ''օծեալներու'' մասին` Իսահակ, Դաւիթ եւ մեր Տէրը Յիսուս։ Երեքին ընդունած օծումը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - սահմանուած է Աստուծոյ ժողովուրդին որուն ծառաներն են։ Անոնց օծումը աղքատներուն համար է, բանտարկեալներուն եւ հարստահարեալներուն համար...։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց արարողութեան հարդերձներու խոհրդանշական զարդարանքներու գեղեցկութեան եւ իմաստին ու ծիսակատարութեան խոր նշանակութեան։

Բարի Քահանան կը ճանչցուի իր ժողովուրդէն։ Երբ ան պատարագը ուրախ ժպիտով կ՛աւարտէ հաւատացեալները կը գնահատեն Աւետարանի պատգամը։ Նա մանաւանդ երբ նշմարեն թէ մեր քարոզածը կը ցոլանայ մեր ապրելակերպին մէջ։ Մարդիկ մեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեն որովհետեւ կը զգան թէ աղօթեցինք առօրեայ կեանքի իրադարձութիւնները ապրելով, ցաւերով եւ ուրախութիւններով, նեղութիւններով եւ յոյսերով։
Երբ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ ենք ու անոր շնորհքները մեր միջոցաւ կ՛արտայայտուին ուրեմն Քահանաներ ենք, Աստուծոյ եւ մարդկանց միջեւ միջնորդեր։

Արուարաձաններու աղքատ թաղամասերը երթալու ենք, ուր կայ տառապանք, արիւնահոսութիւն, ուր տեսողութիւնը ցանկացող կույրութիւն կայ, ուր կան յոռի տէրերու բանտարկեալներ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ընգծելով քահանայական կեանքի ինքնութիւնը որ ''պէտք է հիմնուի շնորհքի զօրութեան վրայ որ կ՛աճի հաւատքով, ամէն անագամ որ մենք մեզմէ դուրս կ՛ելլենք եւ անձնուիրումով ուրիշներուն կը փոխանցենք Աւետարանի պատգամը։'' Այն քահանան որ իքնիրմէ դուրս չի նայիր - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը- չի կռնար միջնորդ ըլլալ, այլ` աստիճանաբար կը դառնայ լոկ` իր շահերուն հետամուտ մատակարար մը։
Ձեզմէ կը խնդեմ որ ''ոչխարներու հոտը ունեցող'' հովիւներ ըլլաք եւ ոչ միայն ձեր հօտին մօտ եղող հովիւներ` ու մարդոց որսորդներ։
Թէեւ քահանայութեան ինքնութեան ճգնաժամը մեզի բոլորիս կը սպառնայ սակայն եթէ մենք կարողանանք ընդիմիջել անոր ալիքները կարող կ՛ըլլանք Տիրոջ անունով նաւարկել եւ մեր ուռկանները նետել։ Յիսուսի անունով նետուած ուռկանները միշտ արդիւնաբեր են։
Իր խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատեալները աղօթելու իրենց քահանաներուն համար ու մօտիկ ըլլալու անոնց ու ապա ըսաւ. ''Սիրելի Քահանաներ, թող Հայր Աստուած մեր մէջ նորոգէ սրբութեան հոգին որով օծուեցանք, նորոգէ զայն մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի այդ ''օծումը'' հասնի բոլորին, նոյնիսկ արուարձաններու`սպասումի մէջ ապրող ժողվուրդին։ Թող մերինները մեզ գնահատեն որպէս Տիրոջ աշակերտներ ու թող զգան թէ տարբեր ինքնութիւն մը չենք փնտռեր ու թող մեր խօսքերուն եւ գործերուն ընդմէջէն ընդունին ''օծեալ իւղի'' ուրախութիւնը որ մեզի բերաւ Յիսուս։ Օծեալը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.