2013-03-28 12:21:50

Աւագ Հինգշաբթի Քահանայից Տօնն Է։


Այս առթիւ ուրախութեամբ կը յայտնենք որ հայ կաթողիկէ եկեղեցին օժտուեցաւ նոր կուսակրօն քահանայով մը որ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան անդամ է։ Նորօծ քահանան Հայր Ղազար Պետրոսեան Շաբաթ, 23 մարտի ( 2013) ստացաւ քահանայութեան կարգը Ձեռամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարք Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին։
Այս առթիւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց ժողովուրդին եւ նորօծ քահանային հայրապետական պատգամը վեր առնելով քահանայութեան վսեմ առաքելութիւնը, շնորհաւորեց նօրոծ վարդապետը, Զմմառու միաբանութիւնը եւ ձեռնադրեալին ընտանեկան պարագաները։
Վերջերս, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս նորընտիր Սրբ. Քահանայապետը-ըսաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը- շեշտեց հետեւեալ կէտին վրայ, որ իշխանութիւնը, յատկապէս եկեղեցւոյ մէջ, ծառայութիւն պէտք է ըլլայ, մանաւանդ տկարներուն հանդէպ: Արդէն, Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրած էր, ըսելով. ,Ով որ մեծն է՝ թող ըլլայ ամենէն պզտիկին պէս եւ առաջնորդը՝ ամենուն ծառան (Ղկ 22, 26), որովհետեւ
անոնք առաջին տեղերը կը փնտռէին: Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ նաեւ քահանայական կոչումին մասին խնդրելով ներկաներէն որ աղօթեն քահանայական կոչումներուն համար։
Ընտանիքներէն կը խնդրեմ -ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը- աղօթեցէք եւ ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք յաճախ աղօթել կոչումներուն համար, քանի Յիսուս կը պատուիրէ ըսելով. «Աղաչեցէ՛ք հունձքի Տիրոջ, որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար» (Մտթ. 9, 38)։ Սիրելիներ, խօսքս կը փակեմ ձեզմէ խնդրելով, որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշէք նաեւ ձեր առաջնորդները ու զօրավիգ կանգնիք ձեր հոգեւոր հովիւներուն, եւ յատուկէն՝ Տէր Ղազարին, որպէսզի արդիւնաշատ առաքելութիւն կատարեն Յիսուսի սրտին համաձայն։ Տէր Ղազա՛ր, թո՛ղ Երանելի Կոմիտաս քահանան եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան նահատակները, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր սուրբերը, բարեխօս ըլլան քեզի համար Աստուծոյ առջեւ եւ քեզ սրբութեան առաջնորդեն. Ամէն» այսպէս եզրափակեց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. իր քարոզը ...։
*****
Նորօծ քահանան՝ Հայր Ղազար Պետրոսեան իր անդրանիկ պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ողջունեց բոլորը եւ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար որպէսզի լաւագոյն կերպով ծառայէ Աստուծոյ, Քրիստոսի եկեղեցւոյ ու հայ ազգի զաւակներուն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ որ իրեն տուաւ շնորհքը եւ ոյժը իր ՜՜Այոն՝՝ ըսելու Տիրոջ կանչին, նաեւ իր մեծաւորներուն ու ծնողաց որոնք նեցուկ եղան իրեն քահանայութեան պատրաստուելու ճանապարհին վրայ... Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իմ սրտիս մէջ յատուկ տեղ մը ունի, որովհետեւ Ուսուցիչիս՝Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, կանչուած եմ ծառայելու եւ աւետարանելու Յարուցեալ Քրիստոսը՝ խօսքով եւ գործով. Որբին հայր ըլլալու, աղքատը կերակրելու, հիւանդը դարմանելու եւ տառապեալին կողքին կենալու:
Ամենաբարին Աստուած ինծի ձիրք եւ տաղանդ տուաւ, որպէս զի զանոնք իր մեծագոյն փառքին համար օգտագործեմ եւ բազմապատկեմ, Իր Սուրբ Օրհնութեամբ եւ Օժանդակութեամբ:
Սիրելի՛ երիտասարդ ու երիտասարդուհիներ, խօսքս ձեզի է: Եթէ դուք ալ կանչուիք, մի՛ վախնաք ընդառաջելու եւ Սուրբ Կոյս Աստուածածնին նման «այո» ըսէք: Այն ատեն ձեր երկու ձեռքերէն բռնած, Տիրամայրն ու Քրիստոս ձեզի պիտի ընկերակցին մինչեւ ձեր երկրային ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը, ապա ձեզ յաւիտենական երջանկութեան պիտի արժանացնեն:
Ձեզմէ իւրաքանչիւրէն ներողութիւն կը խնդրեմ , կը խնդրեմ ձեզմէ որ դուք ալ ինծի համար աղօթէք, որպէս զի ես ալ կարենամ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսիս Սուրբ եւ Վեհ Քահանայութեան, որովհետեւ ոչ՛ միայն կանչեց այլ նաեւ զիս հաստատեց եւ օծեց: Հայր Ղազար եզրափակեց իր քարոզը յիշելով երանելի ՅՊԲ ի խօսքը . «Եթէ սխալիմ, սրբագրեցէք զիս»








All the contents on this site are copyrighted ©.