2013-03-27 13:24:31

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Կոչը Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան Ի Նպաստ։


Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց Կեդրոնական Ափրիկեան հանրապետութեան ի նպաստ ըսելով` ուշադրութեամբ կը հետեւիմ այս ժամերուն կեդրոնական ափրիկեան ցամաքամասի մէջ պատահած իրադարձութիւններուն ու բոլոր տառապողներուն կ՛ուզեմ վստահեցնել իմ աղօթքներս։ Կոչ կ՛ուղղեմ որպէսզի դադրին բռնութիւններն ու թալանումները եւ այս ճգնաժամին գտնուի քաղաքական լուծում մը որ այդ երկրին մէջ վերհաստատուի խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը որ երկար ժամանակէ ի վեր հակամարտութիւններու եւ բաժանումներու դաշտ եղած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.