Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կը Շարունակէ Ապրիլ Սանդա Մարդայի Բնակարանին Մէջ։
Սուրբ Աթոռի բանբեր` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, երէկ Ռատիովատիկանի հակիրճ հացազրոյցի
մը ընթացքին յայտարարած է թէ ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը, կը շարունակէ բնակիլ Վատիկանի
Սանդա Մարդայի բնակարանին մէջ ու տակաւին քահանայապետական պալատ չէ փոխադրուած ։ Հայր
Լոմպարտին մատնանշած է թէ այս որոշումը Քահանայապետը անձամբ յայտնած է ` Սանդա Մարդայի
բնակիչներուն, թէեւ - հաստատած է միշտ Հայր Լոմպարտին - Նորին Սրբութիւնը պաշտօնական
հանդիպումներու եւ գործունէութիւններու համար Առաքելական Պալատի սրահները եւ գրասենեակները
կը գործածէ, ինչպէս Գլեմենթինա սրահը կամ սեփական Գրադարանը։