2013-03-27 09:40:43

Ս. Աթոռը Կը Բաղձայ Պարտապահանջ Համաձայնագիր Մը Հայող Զէնքերու Վաճառքի։


Համաձայնագիր մը որ կ'արգիլէ զէնքերու արտածումը այն երկիրներուն որոնք կը բռնաբարեն մարդու իրաւունքը։

Ներկայիս Նիւ Եորքի Մակի կեդրոնին մէջ տեղի կ'ունենան նոր բանակցութիւններ եզրափակելու զէնքերու վաճառքի առաջին համաձայնագիրը։
Այս առթիւ ՄԱԿին մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ ֆրանսիս Շուլլիքադը խնդրած է որ ''զէնքերու վաճառքը տնտեսական զուտ շահերէ չի մղուի ու նկատի առնուին մարդկային կեանքը ու ընտանիքները պահպանելու մտահոգութիւնը ։'' ''Զէնքերու արտածումը պէտք է արգիլուի դէպի այն երկիրները որ կը բռնաբարեն մարդու իրաւունքը'' - աւելցուցած է Ս. Աթոռի դիւանագէտը յոյս յայտնելով որ զէնքերու վաճառքի բանակցութիւնները եզրակացութեան հասնին եւ որ համաձայնագիրը ըլլայ զօրաւոր, ազդու եւ հաւատալի, որպէսզի մարդիկը կարենան ապրիլ աւելի ապահով աշխարհի մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.