Զատիկը , կամ Սուրբ Յարութեան տօնը, շարժական տօն մըն է, որովհետեւ ամէն տարի անոր թուականը
կը փոխուի: Ահա կը ներկայացնենք բացատրական մը, թէ ինչպէ՞ս կը ճշդուի անոր թուականը: Զատիկը
կը տօնուէր Հրէական Բաղարջակերաց կամ Պասէքի տօնին հետ: Այս տօնը յիշատակումն էր Հրեաներու
Եգիպտոսէն ելքի եւ գերութենէ ազատագրուած ըլլալու կրօնա-ազգային դէպքին: Սակայն Ս. Յարութիւնը
տօնելու օրը կը մնար վէճի նիւթ: 325 թուականին, Նիկիոյ տիեզերական ժողովին ընթացքին,
որոշում առնուեցաւ Ս. Յարութիւնը տօնել Բաղարջակերաց տօնին յաջորդող Կիրակի օրը: Եւ որովհետեւ
Բաղարջակերաց տօնը ինքնին շարժական տօն է ու կապուած կը մնայ գարնանամուտի առաջին լիալուսնին,
Զատիկը ինքն ալ կը մնայ շարժական տօն: Այսպէս ուրեմն, ամէն տարի, Մարտ 21-էն վերջ,
երբ լուսինը իր լրումին կը հասնի, անմիջապէս այդ լրումը յաջորդող Կիրակին կը նկատուի
Ս. Յարութեան Կիրակի: Եւ, որովհետեւ լուսնային շրջանները կանխապէս հաշուելի են, Ս. Յարութեան
տօնին թուականն ալ կանխապէս հաշուելի է: Ահա, թուաբանութիւնը սիրող անձերուն համար հաշուական
բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ կարելի է կռահել գալիք տարիներուն Ս. Զատկուան թուականը: Ս.
Յարութեան տօնը կրնայ հանդիպիլ Մարտ 22-էն Ապրիլ 25 ներառեալ: