2013-03-27 15:08:18

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն
Սամուէլ Երէց


Կոչուած է նաեւ Սամուէլ Անեցի, Անիի Մայր Եկեղեցւոյն Երիցանց դասին պատկանելուն համար։ Ապրած է 12-րդ դարուն եւ աշակերտած է Գէորգ Մեղրիկ Վարդապետին, ինչպէս նաեւ, ըստ ոմանց, Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետին։ Տրուած ըլլալով որ իր պատմագրութիւնը կը հասնի մինչեւ 1180 թուականը, հաւանաբար այդ թուականին մօտերը վախճանած ըլլայ. Ըստ Կիւրեղ Քիպարեանի, Սամուէլ ապրած ըլլալու է 1100-1190-ի ատենները։ Վկայ է Անիի գրաւումին Վրաստանի Գորգի թագաւորին կողմէ, ինչպէս նաեւ յետագային` Անիի մէջ տեղի ունեցած ջարդին։
Գրիգոր Պահլաւունի կաթողիկոսի խնդրանքին վրայ, Սամուէլ գրած է իր Ժամանակագրութիւնը, զոր նուիրած է նոյն կաթողիկոսին. Ինք իր գիրքը կը կոչէ Քրոնիկոն, կամ գաւազանագիրք, որովհետեւ զուտ պատմութիւն մը ըլլալէ աւելի, ան տարուէ տարի դէպքերու յիշատակութիւն մըն է, ուր կը յիշէ նաեւ գլխաւոր դէպքերը որոնք պատահած են ուրիշ ազգերու մօտ։
Սամուէլ կը սկսի իր պատմութիւնը Ադամ Եւայէն եւ կը հասնի մինչեւ իր ապրած օրերը։ Այսպիսի ընդարձակ եւ կարեւոր պատմագրութեան մը ձեռնարկելու համար, անշուշտ ունեցած է բազմաթիւ աղբիւրներ, օգտուած է ուրիշ ազգերու մօտ գտնուած համանուն երկասիրութիւններէ, ինչպէս զոր օրինակ Եւսեբիոս Կեսարացիի գրած պատմութենէն, բայց նաեւ հայ աղբիւրներ օգտագործած է, գլխաւորաբար` Մովսէս Խորենացին, զոր յաճախ կը մէջբերէ։
Իր նպատակն է հակիրճ կերպով տալ ընդհանուր պատմութիւն մը, միշտ հետամուտ ըլլալով ճշմարտութեան։ Կը ջանայ հաւատարիմ մնալ իր օգտագործած աղբիւրներուն. Սակայն երբ կը հասնի ժամանակակից դէպքերու նկարագրութեան, տարակոյս մը կը պատէ զինք, որ յանկարծ իր գրածը ուրիշ ժամանակակից գրողներու հետ համաձայն չըլլայ. Սակայն քանի ինք հետամուտ է միշտ ճշմարտութիւնը գրելու եւ աւանդելու, ուստի եւ կարելի է ըսել թէ հաւատարիմ է իր ապրած ու ականատես եղած բոլոր դէպքերուն զորս կը պատմէ։
Կը մէջբերէ բաւական հատուածներ Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետէն. Իր գրութիւնը շատ օգտակար է մանաւանդ թագաւորական յաջորդութեան եւ կաթողիկոսական ցանկերուն համար։ Կիլիկեան շրջանի առաջին բաժնի մասին նաեւ վկայութիւններ ունի, որովհետեւ իր գրութիւնը կը հասցնէ մինչեւ Թորոս Բ. իշխանին օրերը։ Այսպիսի կարեւոր ժամանակագրութիւն մը մեծ արժէք կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան համար։ Իր գիրքը մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ հին շրջաններու պատմութեան համար, որովհետեւ կը զտէ զանազան աղբիւրները եւ կ՛ընտրէ այն որ կը թուի ճշմարտագոյնը. Ձեւով մը պատմութեան քննադատական մեկնաբանութիւն կ՛ընէ։
Ինչպէս ըսինք, Անեցին իր ժամանակագրութիւնը կը հասցնէ մինչեւ 1180 թուականը. Յետագային` ուրիշ պատմագիրներ աւելցուցած են իր գործին վրայ, շարունակելով պատմութիւնը եւ հեղինակէ հեղինակ, զայն հասցուցած են մինչեւ 1665 թուականը. Գրողները ջանացած են սակայն պահել իր նոյն ոճը։
Մայի անունով գիտնական Կարդինալ մը, տեսուչ Միլանոյի մատենադարանին, հրատարակած է Սամուէլ Երէցի Ժամանակագրութիւնը լատիներէն թարգմանութեամբ, նախ Միլանոյի մէջ 1818-ին, եւ ապա Հռոմ` 1839-ին։ Հրատարակուած է նաեւ ֆրանսերէն լեզուով։ Իսկ հայկական բնագրին առաջին հրատարակութիւնը տեղի ունեցաւ Էջմիածնի մէջ, 1896-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.