2013-03-27 09:44:22

Գուպայի Կառավարութիւնը Ընդառաջելով Ս. Աթոռի Խնդրանքին Աւագ Ուրբաթ Օրը Կը Յայտարարէ Որպէս Երկրի Տօնական Օր։


Գուպայի կառավարութիւնը, ընդառաջելով Ս. Աթոռի խնդրանքին, երկրորդ տարուան համար, Աւագ Ուրբաթ օրը տօնական հռչակած է։
Այս որոշումով Գուպայի բնակչութեան կարելիութիւն կը տրուի հանգիստ կատարել եւ լաւագոյն կերպով ապրիլ այս մեծ օրուայ խորհուրդը։
Տասնեակ տարիներէ ի վեր Գուպայի համայնավար կառավարութիւնը ջնջած էր այդ տօնը։ Սակայն Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի 1998-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի 2012-ի Հավանա կատարած հովուական այցելութիւններէն ետք, Գուպայի համայնավար կառավարութիւնը վերատեսած է իր այդ որոշումը եւ այս եկրորդ տարուան համար հաստատած է ս. Ծնունդը եւ Աւագ Ուրբաթը որպէս տօնական եւ հանգստեան օրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.