2013-03-25 13:32:29

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կիրակի Օրուայ ''Թուիթ'' ները


Ծաղկազարդի տօնին օրը ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Թուիթթերեան կայքէջի վրայ հրատարակուեցան երկու թուիթներ հետեւեալ պատգամներով.

- Ուրախութեամբ կը նայիմ յառաջիկայ յուլիս ամսուայ, Րիո Տէ Ժանէյրօյի. Ձեզի ժամադրութիւն կու տամ Պրազիլի մեծ քաղաքին մէջ։

- Հաւատալու չենք Սատանային որ մեզի կ՛ըսէ թէ անարդարութեան, բռնութեան եւ մեղքի դէմ ոչ մի բան կարելի է։

Յայտնենք որ Քահանայապետական Թուիթերեան կայքին հետեւորդներու թիւը գերազանցած է 3 միլիոնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.