2013-03-25 13:50:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կը Շնորհաւորէ Հրեաներու Զատիկը։


Երկուշաբթի 25 մարտի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան գրասենեակի միջոցաւ, ֆրանչիկոս Քահանայապետի ստորագրութիւնը կրող նամակ մը յղուած է, Հռոմի հրեայ հասարակութեան Ռաբունապետին, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը հրէական ''փէզախի'' տօնին առթիւ իր շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ։
Վերոյիշեալ նամակին մէջ Սրբազան Հայրը կը նշէ ''ամենակալը որ իր ժողովուրդը ազատեց Եգիպտոսի ստրկութենէն, առաջնորդելու համար զայն դէպի աւետեաց երկիր, շարունակէ ընկերանալ ձեզի ու իր օրհնութեամբ առաջնորդէ եւ ձեզ ազատէ ամէն չարէ։''
Սրբազան Քահանայապետը ապա խնդրած է որ աղօթեն իրեն համար մինչ ''ես կ՛ապահովցնեմ իմ աղօթքներս մեր փոխադարձ բարեկամութեան կապերը ամրապնդելու յոյսով'' գրած է Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.