2013-03-25 13:45:16

Սկիզբ Առաւ Աւագ Շաբաթը։
Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Նախորդող Շաբաթը Կը Կոչուի Աւագ (այսինքն` Մեծ) Շաբաթ:


Մարտ 25` Աւագ Երկուշաբթի: Աւագ Երկուշաբթի օրը Տէրը չորցուց անպտուղ թզենին` խորհրդանշելով հոգեւոր պտուղ չտուող մարդոց սպասուող պատուհասը:
Մարտ 26` Աւագ Երեքշաբթի: Տասը Կոյսերու յիշատակութեան, ինչպէս նաեւ հրէաներու հարցումներուն Քրիստոսի բացատրութեան ու փարիսեցիներու յանդիմանութեան օրն է: Նոյն օրը եղաւ նաեւ Երուսաղէմի Տաճարի կործանման կանխատեսումը, Տաճարէն Քրիստոսի վերջնականապէս հեռանալը: Աւագ Երեքշաբթի օրը Քրիստոս ընդհարուեցաւ փարիսեցիներու հետ եւ յանդիմանեց անոնց, որոնք ալ վերջնականապէս որոշեցին մահուան մատնել Տիրոջը: Այս օրը եկեղեցւոյ մէջ կ’ընթերցուի 10 Կոյսերու առակը` իբրեւ յորդոր` առաքինութեան գործերով նմանելու իմաստուն կոյսերուն:
Մարտ 27` Աւագ Չորեքշաբթի: Մեր Տիրոջ մատնութեան, ինչպէս նաեւ մեղաւոր կնոջ ապաշխարութեան յիշատակի օրն է:
Մարտ 28` Աւագ Հինգշաբթի: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքի յիշատակութեան եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման օրն է:Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին կը կատարուի ապաշխարողներու արձակման կարգ: Միջօրէին կը մատուցուի Ս. Պատարագ ։ Ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարուի օրուայ երկրորդ կիսուն , մինչեւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ կը խորհրդանշէ այն խոնարհութիւնը, որ ցուցաբերեց Քրիստոս Իր աշակերտներու հանդէպ:
Աւագ Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուի հսկման (Խաւարում) կարգը:
Մարտ 29` Աւագ Ուրբաթ: Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներու, խաչելութեան, մահուան ու թաղման յիշատակի օրն է: Առաւօտեան կը կատարուի ժամերգութիւն եւ Խաչելութեան կարգ ։ Երեկոյեան կը կատարուի Թաղման Կարգ` հանդիսաւոր թափօրով , որ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի թաղումը:
Մարտ 30` Աւագ Շաբաթ: Դժոխքի աւերում, եւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ: Շաբաթ օրը Տէրը Մարմնով մնաց գերեզման , իսկ Հոգիով իջաւ դժոխք եւ ազատագրեց արդար ննջեցեալներու հոգիները:
Հուսկ՝ Մարտ 31Կիրակի: Սուրբ Զատիկ: Յարութիւն Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի: Տօնական Սբ. Պատարագ:








All the contents on this site are copyrighted ©.