2013-03-25 13:03:42

Անկլիգան Եկեղեցւոյ Գահերէցը Ճիւսդան Ուելպի


Անկլիգան եկեղեցւոյ գահերէցը Ճիւսդան Ուելպի բաղձանք յայտնած է համագործակցելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ` մեր եկեղեցիները միասնաբար պէտք են աշխատիլ Եւրոպայի աւետարանացումին համար։
21 մարտ Ուեսդիմնդերի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութիւնը Գանթերպուրի արգեպիսկոպոս Ճիւսդան Ուելպիի։ Ծիսական արարողութեան մասնակցեցաւ կարտինալ Գիւրտ Խոշ որպէս ներկայացուցիչը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։ Այդ առթիւ Անկլիգան եկեղեցւոյ գահերէցը ըսաւ որ Անկլիգան ու կաթողիկէ եկեղեցիները միասնաբար պէտք են աշխատիլ Եւրոպայի աւետարանացումին ու պայքարելու ընկերային հաւասարութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան ի խնդիր։









All the contents on this site are copyrighted ©.