2013-03-24 10:19:06

Կարգ Մը Տեղեկութիւններ Ս. Աթոռի Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Մասին։


Հինգշաբթի 22 մարտին Ն Ս ֆրանչիսկոս քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Ս Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներուն ։
Ներկայիս Ս. Աթոռը դիւանագիտական կապեր հաստատած է 180 պետութիւններու հետ. անոնց պէտք է աւելցնել նաեւ Եւրոպայի Միութիւնը ու Մալթայի ասպետներու Իշխանապետութիւնը. նաեւ յատուկ առաքելութեամբ կապ հաստատած է OLP-ի՝ Պաղեստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութեան հետ։
Ինչ կը հայի Միջազգային կազմակերպութիւններուն, Ս Աթոռը ներկայ է ՄԱԿ.ի՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ որպէս ՜՜Դիտորդ Պետութիւն՝՝ . ասկէ զատ անդամ է ՄԱԿ.ի եօթը կազմակերպութիւններու կամ համակարգերու. նաեւ Դիտորդ այլ 8 կազմակերպութիւններու եւ Անդամ կամ Դիտորդ նահանգային հինգ կազմակերպութիւններու մէջ։
Նշենք որ՝ 2013-ի՝ 5 դեկտեմբերէն սկսեալ, Ս. Աթոռը ՜՜Գաղթականութեան Միջազգային Կազմակերպութեան՝՝ անդամ է։
Ս. Աթոռի Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները ունին որպէս նպատակակէտ՝ արծարծել ՜՜ եղբայրութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան արժէքները անհատներու ու ժողովուրդներու միջեւ՝՝ նկատի ունենալով միշտ մարդկային իրաւունքներու յարգանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.