2013-03-24 10:18:34

24 Մարտ Կիրակի՝Տօն Ծաղկազարդի։ Սուրբ Պետրոս Հրապարակը Զարդարող Ձիթենիները Նուէրը՝Իտալիոյ Փուլիա Մարզին։


Ձիթենիները ու Ծաղիկները որոնք այս տարի կը զարդարեն Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը,նուիրուած են 13րդ անգամ ըլլալով՝ Իտալիոյ Փուլիա Մարզի կողմէ։

Այս տարի հաւատացեալները ներկայ կ՝ըլլան նորընիր ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորած Ծաղկազարդի Կիրակիի Ծիսական Արարողութեան Սուրբ Պետրոս Հրապարակի վրայ ու Սուրբ Պատարագին։ Ծաղկազարդի Տօնը կը յիշատակէ Յիսուսի յաղթական մուտքը՝Երուսաղէմ՝ իր չարչարուելէն,խաչուելէն եւ յարութիւն առնելէն ճիշդ շաբաթ մը առաջ։
Արարողութեան համար հաւատացեալներուն ու Կարտինալներուն բաժնուեցան աւելի քան 200հազար ձիթենիի ճիւղեր ։ Յիշենք որ Իտալիոյ Փուլիա մարզը շատ հարուստ է Ձիթենիի ծառերով,ունի 60 միլիոն տունկեր եւ կ՝արտադրէ 1,3 միլիոն քիլոկրամ ընտիր ձիթաիւղ։Մարզի դերակատարութիւնը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ի յայտ կուգայ սա պատգամով ՝՝ Փուլիայի Ձիթենիները՝ Հող Խաղաղութեան՝՝ իտալերէնով, եւ սպաներէն լեզուով գրուած ։ Իսկ Սուրբ Պետրոս Տաճարի Հրապարակին վրայ այս տարի տեսանելի են ՝՝Աշխարհի Հինգ Ցամաքամասերը՝՝ հինգ տարբեր գոյներով մշակուած հողայատակներով։

Միւս կողմէ Արմաւենիի Ոստերը կուգան Իտալիոյ Սավոնա քաղաքէն։ Աւանդութիւն մը որու ծագումը սկիզբ կ՝առնէ Սիքստոս Ե. Պապի ժամանակ՝ 1586ին։ Քահանայապետը Ծաղկազարդի Տօնին առթիւ կ՝օրհնէ ժողովուրդին բռնած Ձիթենիի ու Արմաւինիի ճիւղերը։ Արարողութեան աւարտին հաւատացեալները Ձիթենիի Օրհնուած Ոստերը տուն կը տանին։
Ծաղկազարդի Կիրակիով Կը Սկսի Սուրբ Շաբաթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.