2013-03-23 11:22:26

Ծաղկազարդի , Աւագ Շաբթուան եւ Յիսուսի Փառաւոր Յարութեան Տօներու Առթիւ Եկեղեցական Արարողութիւնները '


Պուէնոս Այրէսի Տիրամօր Նարեկի Նուիրուած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ,
Կիրակի 24 մարտը Ծաղկազարդի Կիրակի է Յիսուսի Փառաւոր Մուտքը Երուսաղէմ.
Արարողութիւնները սկիզբ կ՝առնեն առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Ձիթենիի ճիւղերու օրհնութեամբ, որմէ ետք Դռնբացէքի արարողութիւնը, Անդաստանը ապա հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագ։
Հինգշաբթի 28 մարտին- Աւագ Հինգշաբթի օրը, ժամը 19-ին Ոտնլուայի արարողութիւն ապա Ս Հաղորդութեան Պատարագ ի յիշատակ Յիսուսի ՜՜Վերջին Ընթրիքին՝՝ իր աշակերտներուն հետ, եւ ամբողջ գիշերը եկեղեցին բաց կը մնայ հաւատացեալներու համար...
Ուրբաթ 29 մարտին- Աւագ Ուրբաթ օրը, ժամը 19-ին սկիզբ կ՝առնեն ս. գրային ընթերցումները, ապա Ճանապարհ Խաչի արարողութիւնը եւ Ս Խաչի երկիրպագութիւն։
Շաբաթ 30 մարտին- Աւագ Շաբաթ օրը ՜՜Ս. Յարութեան Ճրագալոյցին՝՝ ժամը 19-ին սկիզբ կ՝առնեն ս. գրային ընթերցումները, ապա ճրագալոյցի Ս Պատարագ
Կիրակի 31 մարտին, ՝ Տօնն է Տէր Մեր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան, Հանդիսաւոր Ս Պատարագը ժամը 11-ին է, որմէ ետք պիտի կատարուի Ժողովրդապետութեան (ծխատան) օրհնութիւնը։
Երկուշաբթի մէկ Ապրիլ հայ տօնացոյցի համաձայն Օր մեռելոց է. մեր Ննջեցեալներու հոգւոյն համար Ս Պատարագը սկիզբ կ՝առնէ ժամը 19-ին, որուն աւարտին՝ հոգեհանգստեան պաշտօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.