2013-03-23 10:49:19

Լիբանանցի Երիտասարդներու 2013- ի Ճանապարհ Խաչին։


Հռոմի Գոլոսսէում՝ երկհազարամեայ ամփիթատրոնի տարածքին վրայ, ինչպէս ամէն տարի, աւագ ուրբաթ օրուայ երեկոյեան, տեղի կ՛ունենայ Ճանապարհ Խաչիի բարեպաշտական աղօթքը, որ կ՛ընդգրկէ Յիսուսի դէպի խաչելութիւն տանող չարչարանքներու 14 կայանները։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Վաստակաւոր Քահանայապետի խնդրանքով` 2013 տարուայ ճանապարհ խաչիի 14 կայաններու բարեպաշտական աղօթքները պատրաստեցին, Կարդինալ Րայիի հովանաւորութեամբ, Լիբանանցի երիտասարդներ։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Կարտինալ Ռային յատնած է թէ խորհրդածութիւններու ընմէջէն երիտասարդները ուզած են լուսարձակի տակ դնել հրատապ հարցեր` ինչպէս պատերազմը, բռնութիւնը, երիտասարդներու ակնկալութիւնները, գաղթականներու չարչարանքը, երիտասարդութեան ապահովութեան պակասը ապագայի նկատմամբ։
Կարտինալ Րային մատնանշած է թէ միջազգային հասարակութիւնը չի ջանար լուծումներ գտնել աշխարհի մէջ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու։
Մարոնիներու Պատրիարքը ապա ընդգծած է ''Միջին Արեւելքի Եկեղեցին'' Պենետիկտոս ԺԶ-ի առաքելական յորդորագիրի կարեւորութիւնը որմէ ներշուած են նաեւ երիտասարդները, ճանապարհ խաչիի աղօթքները շարադրելու համար։ Յորդորագիրը հրաւէր մըն է վկայելու Քրիստոսի Սէրը - ըսած է Պատրիարքը - մատնանշելով որ ճանապարհ խաչիի 14 կայանները վերջ կը գտնեն 15րդ կայանով որ է ''Յարութիւնը''։
Կը չարչարուինք, կը մեռնինք սակայն Յարութեան կը հաւատանք։ Երիտասարդները այս ճանապարհ խաչիի աղօթքներով կ՛ուզեն յայտնել խաղաղութեան արժէքի պատգամը եւ կոչ ուղղել անարդարութիւններուն դէմ։
Կը խորհիմ թէ Պենետիկտոս ԺԶ-ի փափաքն էր որ այս երիտասարդները, մարդկութեան անունով, արտայայտեն իրենց ցաւի աղաղակը, եւ յոյսի ու արդարութեան իրենց արդար ձգտումները։










All the contents on this site are copyrighted ©.