2013-03-23 10:24:52

Գործնական միջոցառումներ «Հաւատքի տարի»ին համար


Նախորդ սփռումին մէջ ներկայացուցինք կարգ մը գործնական միջոցառումներ ոգեւորելու համար «Հաւատքի տարի»ին տօնակատարութիւնը, որպէսզի արդիւնաշատ ըլլայ եւ քաջալերէ հաւատացեալները աւելի խոր կերպով ճանչնալու իրենց հաւատքը ու հաւատքի ճշմարտութիւնները: Ահաւասիկ այլ գործնական միջոցառումներ.
ա- Կարելի է ուսեալ դասակարգը խրախուսել՝ կազմակերպելու շինիչ ու կրթիչ երկխօսութեան առիթներ Հաւատքի ու մտքի շուրջ, համագումարներով, ուսումնասիրութիւններով ու նաեւ ցուցադրութիւններով, յատկապէս համալսարաններուն մէջ, յստակացնելու համար այն սխալ համակարծիքը թէ չկայ հակասութիւն եւ ոչ ալ բախումներ հաւատքի ու ճշմարիտ գիտութեան միջեւ, որովհետեւ երկուքն ալ կը ձգտին հանդիպելու ճշմարտութեան: Կարելի է զոր օրինակ կազմակերպել հանդիպումներ անձնաւորութիւններու հետ, որոնք լրջօրէն կ’որոնեն ճշմարտութեան հիմնական իմաստին ու գոյութեան մասին:
բ- Հաւատքի տարին կրնայ կարեւոր առիթ ըլլալ կաթողիկէ դպրոցներուն համար, որպէսզի ըլլան յարմար վայրը, իրենց աշակերտներուն ներկայացնելու կենդանի վկայութիւն մը Տէր Յիսուսի մասին ու անոնց մէջ սերմանեն հաւատքը, գործածելով « Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Ուսուցում»ի հատորը եւ ուրիշ այլ գիրքեր կամ ուսումնասիրութիւններ:
գ- Ժողովրդապետութիւններու, խմբաներու ու առաքեԼական շարժումներու մակարդակով, հարկ է զիրենք քաջալերել « Հաւատքի Դուռը» Քահանայապետական շրջաբերականին շուրջ զրոյց մը կազմակերպել: Վաստակաւոր Սրբ. Քահանայապետը կը խնդրէ որպէսզի օգտուինք վերոյիշեալ տարիէն, բազմացնելու համար ծիսական տօնակատարութիւնները ու յատկապէս Ս. Հաղորդութեան ծիսակատարութիւնները, ուր կը գտնենք Եկեղեցւոյ հաւատքը եւ նոր աւետարանացմնա աղբիւրը, զոր կը հռչակենք ու կը տօնակատարենք:
դ. Քահանաները, յատուկ կերպով, հրաւիրուած են այս տարի խոր ուսումնասիրութիւններ կատարելու Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովին եւ «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Ուսուցում»ի հատորին շուրջ, եւ ներշնչուելով այս իմաստալից գրութիւններէն՝ կազմակերպէն իրենց ծիսակատարութիւնները ու պատրաստեն խորհուրդներուն մատակարարումը:
ե. Հարկ է հաւատացեալներուն յիշեցնել իրենց ժողովրդապետութիւններուն կամ գործատեղիներուն թէ իրենք որպէս մկրտուածներ՝ առաքեալներ ու հաւատքի վկաներ են: Արդարեւ, քրիստոնեան բնականաբար առաքեալ մըն է եւ ամէն մկրտուած բնականաբար նաեւ առաքեալ մըն է:
դ- Հայեցողականի խմբակները հրաւիրուած են, իրենց կարգին, աւելի քան երբեք, բազմացնելու իրենց աղօթքները ժողովուրդին մօտ հաւատքի վերնորոգումին համար, որպէսզի աւելի զօրաւոր կերպով փոխանցուի նոր սերունդներուն:
ե- Բոլոր հաւատացեալներն ալ պարտին իրենց հաւատքի ու սիրոյ փորձառութիւնը երկխօսութեամբ բաժնել իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ, որոնք չեն պատկանիր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ ոչ քրիստոնեաներուն, նոյնիսկ անհաւատներուն հետ: Այս երկխօսութիւնը կ’ըլլայ որոշ առաքելութիւն մը ու միջոց վկայութեան փրկչական տնօրէնութեան, որ կը խրախուսէ ամէնքը: Հաւատացեալը պարտի ունենալ միեւնոյն հոգին, որ կը ներշնչէր Մարգարէն, երբ կ՛ըսէր. «Հաւատացի, զոր եւ խօսեցայ»(Սղ. 115, 10) (հաւատացի, այս պատճառաւ եւ խօսեցայ): Իւրաքանչիւր մկրտեալ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է քաջալերուի Ս. Պօղոսի այս սքանչելի խօսքերով. «Բնաւ չեմ ամչնար Աւետարանէն, որովհետեւ ան է Աստուծոյ ուժը եւ զօրութիւնը, որով պիտի փրկուին հաւատացեալները (Հռոմ. Ա, 16), եւ կամ այս միւս խօսքերով, որոնք յատուկ կերպով կը փաստեն ճշմարտութիւնը, որուն մասին անդրադարձանք կանխաւ. կը հաւատանք սրտով, արդարանալու համար, բայց կը խոստովանինք բերնով, փրկուելու համար (Հռոմ. Ժ, 10):








All the contents on this site are copyrighted ©.