2013-03-23 11:24:52

Գաղտիացիներու Պատրիարքը Պաշտօնապէս կը Հրաւիրէ Քահանայապետը Պաղտատը այցելել։


Գաղտիացիներու պատրիարքը կարտինալ Ռափայէլ Սագօ որ Արեւելքի պատրիարքներու հետ միասին ներկայ գտնուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գահակալութեան պատարագին, 21 մարտին տեսակցութիւն ունեցաւ Սրբազան Պապին հետ եւ որուն ընթացքին բացայայտեց Իրաքի քրիստոնեաներու ներկայ ցաւալի կացութիւնը եւ հրաւիրեց Քահանայապետը Իրաքը այցելել, մատնանշելով որ Քահանայապետի պաշտպան սուրբը` Ասիզի ս. ֆրանչիսկոսը իսլամ երկիրը ուղղուեցաւ հանդիպում ունենալու Մալիք ալ Քամիլ սուլդանին հետ։ Հանդիպումին աւարտին Քահանայապետը եւ պատրիարքը միասին աղօթեցին Իրաքին համար ապա Սրբազան Հայրը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ Միջագետքի բոլոր քրիստոնեաներուն







All the contents on this site are copyrighted ©.