2013-03-23 10:50:49

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Նախագահութեամբ՝ Աղօթքի Երեկոյ


'' Միասին Աղօթենք՝՝ խորագրով ։
Պէյրութ- Աշրաֆիէի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ հինգշաբթի 21 մարտի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ «Միասին Աղօթենք» խորագրով աղօթքի երեկոն, նուիրուած՝ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած տէր Միքայէլ վրդ. Քայալին եւ տէր Ղազար սրկ. Պետրոսեանի ձեռնադրութեան զոյգ դիտաւորութիւններուն։ Երեկոն նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, մասնակցութեամբ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեանի, Գերապատիւ հայրեր՝ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի, Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի, նաեւ Զմմառու սաներուն, երիտասարդական միութիւններուն եւ շարժումներուն։
Երեկոն ներկայացուց եկեղեցւոյ հովիւը՝ գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան. որմէ ետք յայտագիրը ընդգրկեց նախ տէր Միքայէլ վրդ. Քայալի ձեռնադրութեան մասին տեսանիւթի ցուցադրութիւն եւ յատուկ աղօթք իրեն համար։ Անոր մասին վկայութիւններ ներկայացուցին տէր Ղազար սրկ. Պետրոսեան եւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան։
Ապա Կոչումներու Թեմական յանձնախումբի պատասխանատու՝ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան յառաջաբան մը կատարեց կոչումներու մասին եւ յատուկ աղօթք մը արտասանեց մասնակցողներուն հետ քահանայական նոր կոչումներու համար։ Այնուհետեւ, տէր Ղազար սրկ. Պետրոսեան վկայութիւն մը կատարեց իր քահանայական կոչումին մասին։ Ան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս յիշեց իր ծնողքը։ Երեկոն շարունակուեցաւ հոգեւոր երգերով մեկնաբանութեամբ տէր Ղազարի, նաեւ աղօթքներ բարձրացան բոլորին մասնակցութեամբ։
Աղօթքներէն եւ շարականներէն ետք, տեղի ունեցաւ սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը, կարմիր մոմերու խորհրդաւոր լոյսերով։ Հուսկ՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պահպանիչով փակեց երեկոն:












All the contents on this site are copyrighted ©.