2013-03-22 09:27:12

Ֆրնաչիսկոս Պապը Աւագ Հինգշաբթի Օրուայ Ոտնլուայի Արարողութիւնը Կը Կատարէ Անչափահասներու Բանտին Մէջ։


Յառաջիկայ 28 մարտի առաւօտեան, Աւագ հինգշաբթի օրը, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ ֆրանչիսկոս Պապը կը նախագահէ Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումի յիշատակի Պատարագը ու ապա յետ միջօրէին Հռոմի ''Գազալ Տէլ Մարմօ'' անչափահասներու բանտը կ՛այցելէ ուր ժամը 17,30-ին կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի եւ Ոտնլուայի արարողութիւնները, կատարելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին յիշատակութիւնը եւ սիրոյ պատուիրանի հաստատումը։
Երբեմնի Արկէնդինայի Արքեպիսկոպոս̀ Կարտինալ Պերկոլիօ սովորութիւն ունէր վերոյիշեալ արարողութիւնը կատարել հիւանդանոցներու մէջ կամ աղքատներու եւ չքաւորներու մասնակցութեամբ։
Գազալ Տէլ Մարմոյի մէջ կատարելիք այս արարողութեամբ, ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ պահպանել այն սովորութիւնը որուն յատկանիշը պիտի ըլլայ համեստութիւնը։
Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը վերոյիշեալ բանտը այցելած էր 18 մարտ 2007-ին ուր պատարագ մատուցած էր ''Հայր Ողորմած'' մատրան մէջ










All the contents on this site are copyrighted ©.