2013-03-22 09:56:55

Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հրաւիրած է Թուրքիա։


Բարդողոմէոս Ա.̀ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրաւիրեց Պոլիս այցելել, ս. Անդրէաս առաքեալի տօնին առթիւ, որ կը զուգադիպի 30 նոյեմբերին։
Պատրիարքը միաժամանակ բաղձանք յայտնած է միասին Երուսաղէմ ուխտագնացութիւն կատարել, վերակոչելու̀ 50-րդ տարի առաջ` յունուար 1964-ին տեղի ունեցած, Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթենակորս պատրիարքին պատմական հանդիպումը։

Նոյնպէս̀ Եւրոպայի միութեան ազգային ժողովի նախագահը` Մարթին Շուլց հրաւիրած է ֆրանչիսկոս Պապը Սդրազպուրկ այցելել։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին Շուլց յայտնած է. ''անհամբեր կը սպասեմ Սրբազան Քահանայապետը ընդունելու Սդրազպուրկին մէջ, որպէսզի Եւրոպայի ու երկրագունդին ուղղէ հիմնական արժէքներու նիւթին մասին իր պատգամը, որ այնքան հարկաւոր է ժամանակակից մարդոց համար։ Ներկայ Քահանայապետը միշտ եղած է ժողովուրդին մարդ, ինչազուրկերու ու կարօտեալներու պաշտպանը։ Ան կը ներկայացնէ ''յոյս'' թէ հաւատացեալի եւ թէ ոչ-հաւատացեալի։








All the contents on this site are copyrighted ©.