2013-03-22 10:02:44

Անկլիգան Եկեղեցւոյ Գահերէցի Գահակալութիւնը։


Հինգշաբթի 21 մարտին Գանթերպուրիի աթոռանիստ Անկլիգան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Անկլիգան եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետ̀ Ճասդին Ուելպիի գահակալութեան արարողութիւնը։
Կարտինալ Գիւրտ Գոխ` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին ներկայացուց Սրբազան Քահանայապետը։
Յայտնենք որ Գանթերպուրիի գահերէցը Ճասդին Ուելպի, անցեալ 13 մարտին, ողջունած էր ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ընտրութիւնը որպէս ''յոյժ կարեւոր դէպք մը'' համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն համար։ ''Կը ցնծամ Քահանայապետ ֆրանչիսկոսի ընտրութեան համար'', ըսած է ան լրագրողներուն, ընդգծելով թէ ''անոր հետ պիտի քալէ ու աշխատի ամրապնդելու համար իր նախորդներուն կարեւոր ժառանգութիւնը։'' Յայտնենք որ Գանթերպուրիի գահերէցը հոգեւոր գլուխն է աշխարհասփիւռ 80 միլիոն անկլիգան հաւատացեալներուն։











All the contents on this site are copyrighted ©.