Սուրիոյ Տագնապին Առնչակից Կողմերը Կը Շարունակեն Զիրար Ամբաստանել
Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտնեց, որ «ահաբեկիչները սուրիացի ժողովուրդը ահաբեկելու
համար կը գործածեն միջազգայնօրէն արգիլեալ տարբեր զէնքեր»: Ան խօսքը սուրիացիներուն
ուղղելով յայտնեց, որ «հակառակ ներկայ տնտեսական մարտահրաւէրներուն, օտար դրամանիշի պահեստներ
ունինք»` շեշտելով, որ «մենք կը տոկանք եւ կրնանք մեր ժողովուրդի տոկալու կարելիութիւնները
ամրապնդել»: Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը հաղորդագրութիւն մը
հրապարակելով յայտնեց, որ քիմիական զէնքով երկու յարձակում գործուած է` առաջինը Հալէպի
Խան Եունես շրջանին մէջ, իսկ երեքշաբթի առաւօտեան` Դամասկոսի գիւղական շրջաններէն Օթէյպայի
մէջ: Հաղորդագրութիւնը «այս յուսահատ յարձակումին» համար ամբաստանեց Ասատի վարչակարգը
եւ պահանջեց միջազգային հետաքննութեան ձեռնարկել ու դէպքերու վայր հետաքննիչ յանձնախումբ
մը ուղարկել: Մարմինը խոստացաւ պատժել այդ դէպքերուն մեղսակից կողմերն ու անհատները: