2013-03-21 12:44:02

Չինաստանի Եկեղեցին Աղօթքը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Գահակալութեան Պատարագին Առթիւ։


ֆրանչիսկոս քահանայապետի գահակալութեան պատարագին առթիւ, որ զուգադիպեցաւ ս. Յովսէփ Աստուածահօր տօնին առթիւ, որ Չինաստանի պաշտպան սուրբն է, Չինաստանի եկեղեցին իր հաւատացեալներուն հետ միասին աղօթեց նոր Քահանայապետին համար որպէսզի արիութեամբ հովուէ ընդհանրական եկեղեցին։
Աղօթքի այս նախաձեռնութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին Չինաստանի զանազան մարզերու մէջ ապրող հաւատացեալներն ու եկեղեցականները որոնք որոշած են խիստ ծոմապահութիւն կատարել մինչեւ Զատիկ։
Այս առթիւ չինացի համալսարանականներ հետեւեալ աղօթքը բանաձեւեցին. ''Ողորմած Աստուած, շնորհակալ ենք որ մեզի շնորհեցիր ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` պատգամաբերը սիրոյ եւ խաղաղութեան Ընդհարանկան Եկեղեցւոյ, աշխարհին ու երիտասարդներուն։
Քեզմէ կը խնդրենք որ օրհնես զայն եւ շնորհես անոր զօրութիւնը առաջնորդելու Աստուծոյ ժողովուրդը։ Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք նաեւ մեր կառավարիչներուն, որ վերջերս ընտրուեցան Չինաստանի մէջ, ու կ՛աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար։
Չինացի համալսարանականները ապա յայտնած են ''Թէեւ Գահակալութեան պատարագին չինական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը չկայ, սակայն մենք միշտատեւ̀ հոգիով միացած ենք ս. Պետրոսւի յաջորդին ու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ։ Թող Տէրը օրհնէ նոր Քահանայապետը, աշխարհի հոգեւորականներն, հաւատացեալները ու երկրագունդի բոլոր հաւատացեալները, ներառեալ Չինաստանը։
Այս դիտաւորութեամբ Տէր, մեր աղօթքը կը բարձրացնենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.