2013-03-20 12:48:29

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 20 Մարտի Գործունէութիւնը։


Չորեքշաբթի 20 մարտի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Մատենադարանի մէկ սրահին մէջ ընդունեց̀ Պրաիզիլի Նախագահ Տիկ Րուսէֆ Տիլման ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Ժամը 11,30-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք̀ Բարթողոմէոս Ա.ին։ Ապա ժամը 11,45-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքի ներկայացուցիչ̀ Հիլարիոն Մետրոպոլիտին։
Ժամը 12-ին, ֆրանչիսկոս քահանայապետը Գլեմենդինա Սրահին մէջ, ըդնունեց̀ քոյր եկեղեցիներու եւ միջազգային համամիութենական մարմիններու պատուիրակութիւններու անդամները, այլ կրօններու ներկայացուցիչները ու նաեւ Լատին Ամերիկիոյ Հրեաներու Գերագոյն Խորհուրդի ներկայացուցիչ̀ Գլաուտիօ Էբելմանը։
Յայտնենք որ Քոյր Եկեղեցիներու շարքին ներկայ էին, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, եռանդամ պատուիրակութիւն մը` յանձինս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի եւ ազգային բարերար Ալեքքօ Պեզիկեանի:








All the contents on this site are copyrighted ©.