2013-03-20 14:59:49

Ֆրանչիսկոս Պապ̀ վճռակամ յարատեւել
միջ եկեղեցական երկխօսութեան ճանապարհով։


Չորեքշաբթի 20 մարտի առաւօտեան, ֆրանչիսկոս քահանայապետը, Գլեմենդինա Սրահին մէջ, ըդնունեց̀ քոյր եկեղեցիներու եւ միջազգային համամիութենական մարմիններու պատուիրակութիւններու անդամները, այլ կրօններու ներկայացուցիչները ու նաեւ Լատին Ամերիկիոյ Հրեաներու Գերագոյն Խորհուրդի ներկայացուցիչ̀ Գլաուտիօ Էբելմանը։
Վերոյիշեալ Պատուիրակութիւններու անդամաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը նախ ողջունեց ներկաները ըսելով̀ ''երէկուայ արարողութեան ընթացքին ձեր անձերուն ընդմէջէն ճանչցայ ձեր ներկայացուցած հասարակութիւնները...եւ ինծի թուեցաւ, աւելի խոր ձեւով ապրիլ Քրիստոսի հաւատացեալներու միութեան աղօթքը ու տեսնել անոր լիացումը որ կախեալ է Աստուծոյ ծրագիրէն ու մեր ''անկեղծ համագործակցութենէն''։
Իմ Քահանայապետութիւնս կը սկսիմ իմ նախորդիս̀ Պենետիկտոս ԺԶ -ի հռչակած Հաւատոյ Տարուայ ընթացքին որով ուզեց նշել Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի 50րդ տարեդարձը եւ նախաձեռնել անձնական ուխտագնացութիւն մը դէպի Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպման որ մարդեղացաւ, մեռաւ ու յարութիւն առաւ մեր փրկութեան համար - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ապա ակնարկեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ''համամիութեան'' գծով ուղեւորութեան իմաստի կարեւորութեան։
Ան ապա ուզեց վերահաստատել, իր նախորդներու հետքերով, վճռական կամքը յարատեւելու միջ եկեղեցական երկխօսութեան ճանապարհով։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսք ուղղեց հրեայ հասարակութեան ներկայացուցիչներուն ու այլ կրօններու ներկայ գտնուղ պատասխանատուներուն հաստատելով որ Կաթողիկէ Եկեղեցին գիտակից է ''բարեկամութեան'' զարգացումի, ու նաեւ մարդոց ու կրօններու միջեւ յարգանքի կարեւորութեան։

Մենք կրնանք շատ լաւ գործել աղքատութեան մէջ ապրողներու բարիքին համար, տկարներու եւ տառապողներու ի սպաս, յառաջացնելու համար արադրութիւն, հաշտութիւն, եւ կառուցելու համար խաղաղութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա եզրափակեց ակնարկելով ներկայ ժամանակաշրջանի պատմութեան Աստուած վերացնելու փորձի ժխտական հետեւանքներուն եւ վերանցականի հանդէպ բացուելու վկայութեան արժէքին որ մարդկային սրտին մէջ կը գտնուի։

Եղբայրական եւ ջերմ ողջոյնս բոլորիդ։







All the contents on this site are copyrighted ©.