2013-03-20 13:44:06

Հաւատք, Յոյս Եւ Սէր, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Կ'ընթանայ Նախորդ Քահանայապետներու Ուղղիին Վրայ։


Լրագրողները մեծ զարմանքով կը հետեւին նոր Քահանայապետի շարժուձեւերուն ու նախաձեռնութիւններուն։ Իր ընտրութեան առաջին պահուն` պատշգամէն աղօթք խնդրեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներէն։ Եկրորդ օրը` արշալոյսին, ուղղուեցաւ Տիրամօր աւագ տաճարը աղօթելու իր թեմի հաւատացեալներուն համար։ Իր գահէն կ'իջնէ ողջունելու իրեն մօտեցողները։ Պատարագին աւարտին կը մօտենայ հաւատացեալներուն եւ անոնց հետ կը խօսակցի։ Իր այս առաջին քայլերն ու ոճը բոլորովին կը տարբերին իր նախորդէն` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն, սակայն երկու Հայրապետները իրարու ներհակ չեն, ընդհակարակը իրարզիրար կ'ամբողջացնեն ու կը լրացնեն։
Երեք Քահանայապետներ եւ երեք աստուածաբանական առաքինութիւններ` հաւատք, յոյս եւ սէր - իրարայաջորդ երեք Քահանայապետներու միջեւ կայ ճշմարիտ շարունակականութիւն մը։
Երանելի Յովհաննէս Պօղոս եկրորդ Քահանայապետը մարդկութիւնը հրաւիրեց յոյսի մէջ մտնելու։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որ Եկեղեցւոյ թողուց բացառիկ ուսուցում, մարդկութենէն խնդրեց ճանչնալու եւ հռչակելու հաւատքը ճշմարտութեան մէջ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը ներկայանայ որպէս սիրոյ առաքեալ։
Խաբուելու չենք, արտաքին ոճն է որ միայն փոխուեցաւ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 265րդ յաջորդն է Պետրոս առաքելապետին։Քահանայապետ մը որ, իր նախորդներու նման, անմիջապէս մատնանշեց որ Եկեղեցւոյ իսկական կեդոնը Քրիստոսն եւ ոչ թէ Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.