2013-03-19 12:26:38

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Պուէնոս Այրես Թեմի Սիրուած Առաջնորդը ։


''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որպէս Պուէնոս Այրես թեմի առաջնորդ, շատ սիրուած էր ընչազուրկերէն'', յայտնած են իր հետ աշխատող հոգեւորակնները, ողջունելով անոր պարզութիւնը, եւ անսալու տրամադրելիութիւնը։
Արկենթինայի մայրաքաղաքին առաջնորդը կարտինալ Պերկոլիօ` նորընտիր Քահանայապետը, շատ կը սիրէր այցելել մայրաքաղաքի արուարձանները ապրող աղքատներուն։ Շատերը Անոր շատ կապուած էին եւ հոն աշխատող հոգեւորականները կը վայլէին Անոր քաջալերանքն ու օրհնութիւնը։ Պուէնոս Այրեսի քահանաները ողջունելով անոր պարզութիւնը եւ անսալու իր տրամադրելիութիւնը կը հաստատեն. ''իր առաջնորդութեան տարիներուն գիտցաւ իր քահանաներուն սիրտը շահիլ ու միացնել զանոնք։'' Հաւատացեալները կը ճանչնան իրենց առաջնորդը որպէս աղօթքի մարդ եւ որպէս ''այլ ոմն Քրիստոս''։








All the contents on this site are copyrighted ©.