2013-03-19 08:37:05

Քահանայապետի Գահակալութեան Պաշտօնական Արարողութիւնը։


Երեքշաբթի 19 մարտ` տօն ս. Յովսէփ Աստուածահօր, գահակալութեան ս. պատարագով սկիզբ կ'առնէ ֆրանչիկոս Պապի քահանայապետութիւնը։ Գահակալութեան արարողութեան հռոմ ժամանած են տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ եւ կառավարական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։
Առաւօտեան կանուխէն հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը խուժեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակ։ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժամը 9-ին շուրջ, Քահանայապետական իքնաշարժով կը ժամանէ հրապարակ ու հարապարակի շրջանը ընելով կ՛ողջունէ եւ կ՛օրհնէ հաւատացեալները։
Ան ապա կը մտնէ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայ ուր սկիզբ կ՛առնէ գահակալութեան արարողութիւնը, Սուրբ Պետրոսի դամբանի վրայ աղօթքով, մասնակցութեամբ̀ Արեւելեան եկեղեցիներու Կաթողիկէ Պատրիարքներուն որոնց շարքին է նաեւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ։
Արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ վերոյիշեալ վայրէն յիշեցնելու թէ ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի յաջորդն է։
Աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը կը բարձրանայ Պազիլիքայ ու այնտեղէն սկիզբ կ՛առնէ թափօրը, կարտինալական դասի եւ Արեւելեան եկեղեցիներու Պատրիարքներու մասնակցութեամբ։

Սուրբ պատարագի զոհէն առաջ տեղի կ՛ունենայ գահակալութեան արարողութիւնը որ երեք մասի բաժնուած է։

-Պալիումի յանձնումը̀̀̀̀ զոր Սրբազան Քահանայապետի ուսին կ՛անցնէ Կարտինալական սարկաւագական դասի աւագ Կարտինալ̀ Ժան Լուի Թոռան։ Պալիումը հիւսուած է լոկ ոչխարի բուրդէ եւ եկեղեցական հաղորդութեան եւ միութեան խորհրդանիշ է։ Ան կը խորհրդանշէ Բարի Հովիւը որ իր ուսերուն վրայ կ՛առնէ կորսուած ոչխարը։
-Պալիումի յանձնումէն ետք տեղի կ՛ունենայ ''ձկնորսի մատանիի'' յանձնումը. Ս. Պետրոս ձկնորս առաքեալն է։ Դրաձաւ մարդիկներու ձկնորս։ Մատանիի տուչութիւնը կը կատարէ Կարտինալական դասի գահերեցը։ Մատանին արծաթեայ է ու վրան փորագրուած է Ս. Պետրոսը բանալիներով։
-Մատանիի յանձնումէն ետք տեղի կ՛ունենայ ''հնազանդութեան'' ներգործութիւն։ Վեց կարտինալաներ, ամէն մէկ կարգէ երկու կարտինալ, եպիսկոպոսական կարգէն Կարտինալ Ճովաննի Պաթթիսդա Րէ եւ Կարտինալ Պերթոնէն, քահանայական կարգէն̀ կարտինալ Ժոագին Մէյզնէր եւ Կարտինալ Րիքարտօ Վիտալ, եւ սարկաւագական կարգէն̀ Կարտինալ Րաֆայելէ Մարթինօ եւ Կարտինալ ֆրաչէսկօ Մարքիզանօն, յանուն կարտինալական դասին Սրբազան Քահանայապետին կը խոստանան հնազանդութիւն։

Այս հակիրճ արարողութեան աւարտին սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Պատարագի հանդիսաւոր արարողութիւնը զոր կը նախագահէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։

Սուրբ պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կ՛ընդունի Պետական ներկայացուցիչներու շնորհաւորութիւնները։ Յայտնենք որ արարողութեան ներկայ է նաեւ ՀՀ նախագահ̀ Սերժ Սարգսեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.