2013-03-19 07:56:25

Նորին Սրբութիւն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Զինանշանը...


Նոյն պարզ զինանշանը որ ունէր երբ ան արքեպիսկոպոս էր։
Ան նաեւ պահեց նոյն նշանաբանը որ է՝ ՜՜ողորմութեամբ եւ
ընտրելով՝՝։
Կապոյտ վահանին վրայ կը յայտնուի քահանայապետական խորհրդանիշը, նոյնը դրուած իր նախորդին՝ Պենետիկտոս ԺԶ ի կողմէ։
(Սաղաւարտը կը միանայ վահանին ոսկիէ եւ արծաթէ բանալիներով եւ կարմիր ժապաւէնով կապուած... լուսաշող արեւու մէջ կը նշմարուի IHS Յիսուսեան միաբանութեան խորհրդանշանը (քանի որ քահանայապետը Յիսուսեան միաբան է) մէջտեղի H գիրին վրայ խաչը ցցուած է ։
Աստղը կը խորհրդանշէ Մարիամը՝ աստուածամայրը, իսկ Նարդոսը Ս Յովսէփը՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբը։
Արդարեւ սպանական աւանդութեան մէջ, Ս. Յովսէփ կը պատկերացուի նարդոսի ճիւղ մը ձեռքին։ Այսպէս ֆրանչիսկոս քահանայապետը իր յատուկ պաշտամունքը կ՝արտայայտէ Ս Յովսէփ աստուածահօր նկատմամբ, որ զինք կը կոչէ նաեւ պահակը փրկչագործութեան խորհուրդին։

Սրբազան Քահանայապետի նշանաբանը. Ս Մատթէոսի կոչումը... ՜՜Մեկնելու Ժամանակ -կը կարդանք աւետարանին մէջ- Յիսուս մաքսատան մէջ տեսաւ մարդ մը՝ Մատթէոս անունով եւ ըսաւ անոր. ՜՜Հետեւէ ինծի՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.