2013-03-18 15:30:02

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Եւ Միջազգային Մամուլը։


Այս օրերուն միջազգային ընկերային հաղորդակցութեանց բոլոր միջոցները կեդրոնացած են նորընտիր Քահանայապետին անձին, գործունէութեան, խօսքերուն ու շարժուձեւերուն վրայ, բազմաթիւ եւ տպաւորիչ վերլուծումներ ու մեկնաբանութիւններ ընծայելով հանրութեան։

Կիրակի 17 մարտի օրուայ մամուլը, մասնաւորապէս անդրադարձաւ Քահանայապետի̀ Վատիկանի ժողովրդապետութեան ''Սրբուհի Աննա'' եկեղեցւոյ մէջ եւ ապա Քահանայապետական գրասենեակի պատշգամէն, արտասանած խօսքերուն. ''Աստուծոյ անհուն սիրոյ, ողորմութեան, գթութեան ու ներումին'' մասին։

Մամուլը տպաւորուած է Սրբազան Քահանայապետի բարեացակամութենէն` Սուրբ Պատարագին աւարտին աւելի քան 25 վայրկեան տրամադրած է ողջունելու հաւատացեալները։

Պարզ եւ ինքնաբուխ - Այս երկու մակդիրները ամենէն շատ կը յատկանշեն ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ կը նկարագրեն իր Քահանայապետութեան դիմագիծը։ Ոմանց համարումով ներկայ Քահանայապետը վճռակամ հոգեւորական մըն է, ու անոր պարզութիւնը շփոթելու չէ տկարութեան հետ։ Քահանայապետը այն տպաւորութիւնը կը թողու որ յստակ միտք ունի, եւ անյապաղ հաստատակամութեամբ պիտի գործ է։

Երեքշաբթի 19 մարտին` տօն ս. Յովսէփ Աստուածահօր, գահակալութեան պատարագով սկիզբ կ'առնէ անոր քահանայապետութիւնը։ Գահակալութեան պատարագին կը սպասուին աւել ի քան մէկ միլիոն հաւատացեալներ։ Ծիսական արարողութեան համար հռոմ ժամանած են երկրագունդի պետական ու եկեղեցական ներկայացուցիչներ որոնց շարքին նաեւ Հայ եկեղեցին, իր բոլոր ճիւղաւորումներով։ Յայտնենք որ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը անձամբ ներկայ կը գտնուի արարողութեան։ Մինչ այն կը շարունակուին հասնիլ, աշխարհի չորս ծագերէն, ու տարբեր մակարդակներէ, շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները։

Հաղորդավար Քահանայապետ մը - Մամուլը կը շեշտէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հաղորդելու բնատուր ձիրքին մասին։ Նիւթ մը որ շատերուն հետաքրքրութիւնը կը շարժէ։ Լրագրողները այն եզրակացութեան հասան որ ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պէտք չէ մեկնաբանել ու բացայայտել, բաւարար է զայն ներկայացնել ու թողուլ որ Ան խօսի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.