2013-03-18 13:12:47

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կը Մասնակցի Միջին Արեւելքի Պատրիարքներու Ժողովին Հռոմի Մէջ։


Միջին Արեւելքը իսկական Խաչի Ճանապարհ մը կ՛ապրի։
Միջին Արեւելիքի, Անտիոքի, Աղեքսանդրիոյ եւ Երուսաղէմի Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Գրիգոր Գ Լահհամի հրաւէրով, Հռոմի ''Սանդա Մարիա Ին Գոզմէտին'' Եկեղեցւոյ մէջ, երկուշաբթի 18 մարտի յետ միջօրէին ( ժամը 4-ին) տեղի կ՛ունենայ միջին արեւելքի Պատրիարքներու խորհրդակցական համաժողով մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Միջին Արեւելքի տագնապալից կացութիւնը, որ նման է առօրեայ Իսկական Խաչի ճանապարհի մը։ Պատրիարքները պիտի խորհրդածեն Եկեղեցւոյ դերին մասին սոյն տագնապներու նկատմամբ, որպէսզի լսելի դառնայ իրենց ՜՜կոչը ՝՝ բռնութիւնները դարդրեցնելու կոչը։ Շօշափուած նիւթերու շարքին է՝ Սուրիոյ իրավիճակը ու Եկեղեցւոյ դերը իսկական հաշտութեան հաստատումի ի խնդիր, արաբ աշխարհի միութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսլամ - Քրիստոնեայ վեհաժողովի մը կարեւորութիւնը ու ասոնց հետ նաեւ՝ Պաղեստինեան տագնապի անմիջական լուծման հարցը։ Պատրիքրները ապա պիտի մատնանշեն Միջին արեւելքի մէջ Քրիստոնեաներու ներկայութեան ու խաղաղութեան հետ կապին, եւ միջազգային հասարակութեան առընչուող կապին։
Համաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ՝ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԶ Տանն Կիկիլիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքը, որ Հռոմ կը գտնուի մասնակցելու համար երեքշաբթի 19 մարտին՝ ֆրնաչիսկոս Պապի Գահակալութեան արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.