2013-03-16 13:16:12

Ֆրանչիկոս Քահանայապետի Հանդիպումը Լրագրողներուն Հետ '' Եկեղեցին Ունի Հոգեւոր` Եւ Ոչ Թէ Քաղաքական Բնոյթ ''։


''Ֆրանչիսկոս անունը կը կրեմ որովհետեւ կ՛ուզեմ աղքատ ու աղքատներու համար եկեղեցի մը''

Աւելի քան 6 հազար միջազգային լրագրողներ ու անոնց ընտանեկան պարագաներ մասնակցեցան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ, ֆրանչիսկոս Պապի շնորհած ունկնդրութեան։
Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նախ ուրախութիւն յատնեց հանդիպելու անոնց հետ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տարած աշխատանքին։
Ընկերային հաղորդակցութեան դերը հետզհետէ աճ արձանագրած է վերջին շրջաններուն այն աստիճան որ անհրաժեշտ դարձած է աշխարհին փոխանցելու այժմէական աշխարհի իրադարձութիւնները։ Արդ՝ յատուկէն շնորհակալ եմ ձեզի որ այս շաբաթներուն ընթացքին առիթը ունեցաք խօսելու Սուրբ Աթոռի, Եկեղեցւոյ, հաւատքի ու մասնաւորապէս Քահանայապետին ու անոր ուսուցումին մասին, տանելով որակաւոր աշխատանք։
Եկեղեցական իրադարձութիւնները աւելի նուազ խրթին չեն քան քաղաքական կամ տնտեսական իրադաձութիւնները, սակայն անոնք ունին բացառիկ յատկանիշ մը. Եկեղեցին ըլլալով հադերձ մարդկային ու պատմական հաստատութիւն մը չունի քաղաքական բնոյթ այլ էութեամբ` հոգեւոր։ Աստուծոյ Ժողովուրդն է։ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդը որ կը յառաջանայ դէպի հանդիպումը Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Քրիստոս որ իսկական հովիւն է Եկեղեցւոյ։ Քրիստոս Եկեղեցւոյ կեդրոնն է, անոր Սիրտը։ Առանց իրեն ոչ եկեղեցին եւ ոչ ալ Պետրոսը գոյութիւն կ՛ունենային եւ ոչ ալ իմաստ կ՛ունենային - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ խօսքը ''Քրիստոսն է որ ներկայ է եւ կ՛առաջնորդէ իր Եկեղեցին''։ Եւ Սուրբ Հոգին գլխաւոր դերակատարն է։ Սուրբ Հոգին է որ ներշնչեց Պենետիկտոս ԺԶ-ին որոշումը Եկեղեցւոյ բարիքին համար ու Ան է որ ընկերացաւ Կարտինալներուն Նոր Քահանայապետի ընտրութեան ընթացքին։

Ձեր աշխատանքը ինչպէս որեւէ արհեստ, ուսումնասիրութիւն եւ փորձառութիւն կը պահանջէ սակայն ունի նաեւ յատուկ անդրադարձ մը ճշմարիտի, գեղեցիկի եւ բարիին հանդէպ։ Եւ այս մէկը մեզ իրարու կը մօտեցնէ որովհետեւ եկեղեցին գոյութիւն ունի փոխանցելու Ճշմարտութիւնը, Բարիութիւնն ու Գեղեցկութիւնը անձնապէս։

Նորին Սրբութիւնը ապա առիթէն օգտուեցաւ ներկաներուն բացատրելու թէ ինչո՞ւ ֆրանչիսկոս անունը ընտրած էր։ Սիքստինեան մատրան մէջ - ըսաւ Ան - ընտրութիւններու պահուն մօտս նստած էր Կարտինալ Գլաուտիօ Հոմէս, Սաօ Փաոլոյի երբեմնի արքեպիսկոպոսը, մեծ բարեկամ մը։ Երբ հարցը քիչ մը ''վտանգաւոր'' կը դառնար, Ան զիս կը քաջալերեր։ Եւ երբ քուէները բարձրացան երկու երրորդի ան զիս ողջագուրեց եւ ըսաւ ''աղքատները չի մոռնաս''։ Այս բառերը իմ մտքիս մէջ մտան. ''աղքատները - աղքատները''։ Անմիջապէս մտածեցի Ասիզիի ֆրանչէսկոսին։ Ապա պատերազմներուն, մինչ քուէարկումը կը շարունակուէր։ ֆրանչիսկոսը խաղաղութեան մարդն է։ Այս մարդը որ կը սիրէ ու կը պահպանէ արարչութիւնը։ Այս շրջանին լաւ յարաբերութիւն չունինք արարչութեան հետ։ Այնպէս չ՞է։ Եւ մարդը որ մեզի խաղաղութեան այս հոգին կը փոխանցէ, աղքատ մարդն է։ ''Որքան կը փափաքէի աղքատ եկեղեցի մը աղքատներու համար'' եզրաբակեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.