Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, ուրբաթ 15 մարտի կէսօրին
մամլոյ ելոյթի ընթացքին յայտարարած է թէ Արժէնթինայի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ
Էմիլ Փօլ Թչէրրինկ հրատարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը հաղորդէ Նորընտիր Քահանայապետի
հրաւէրը` Արժէնթինի հաւատացեալներուն, որ գահակալութեան արարողութեան առթիւ կը պատրաստուին
ժամանելու հռոմ, մնալու իրենց բնակավայրերը եւ ճամբորդական ծախսերը խնայելու ի նպաստ
չքաւորներուն։
Խօսելով հուսկ ֆրանչիսկոս Պապին լրագրողներու հետ նախատեսուած
հանդիպման մասին, Հայր Լոմպարտին յայտնած է թէ ''լրագրողներու հետ այս հանդիպումը սովորութիւն
մըն է որ սկիզբ առած էր ՅՊԲ Քահանայապետի օրով եւ զոր ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուզաց
է շարունակել որպէս ''գնահատանք'' լրագրողներու մատուցած ծառայութեան ի սպաս Եկեղեցւոյ
եւ Քահանայապետին։
Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը ապա հաստատած է թէ ֆրանչիսկոս
Քահանայապետը շաբաթ 23 մարտին կը հանդիպի Պենետիկտոս ԺԶ հետ։