2013-03-16 12:22:11

2013՝ Հայ Մօր Տարի


Հռչակուած Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ։
Հայ Մայրը Հայ Բանաստեղծներու Գործերուն Ընդմէջէն...
Հայուն ջինջ զգացումները իր մօր նկատմամբ հարազատօրէն նկարագրող Համաստեղ այսպէս արտայայտուած է.
Թափառեցայ երկիրներ, ճամբաներով շատ անցայ,
Տեսայ զրկանք, տեսայ ցաւ, սէր ու խնդում ես տեսայ,
Բայց չտեսայ, չգտայ ո՜չ մէկ սիրտ այնքան արի,
Քու հոգիիդ չափ ազնիւ, մա՜յր իմ անուշ ու բարի՚:
Անոր այս բառերը կարելի է տարածել բոլոր ժամանակներու հայ մայրերուն՝ սկսելով հեթանոս շրջաններէն ժառանգուած բեղմնաւորութեան եւ ինքնաբաշխումի խորհրդանիշ Անահիտ չաստուածուհիէն, վեր առնելով երկնային առաքինութիւններով լուսապսակուած պայծառ ներկայութիւնը հայ եկեղեցւոյ սրբուհիներուն՝ հասնելու համար հայոց պատմութեան ամենաճակատագրական պահերուն բախտորոշ պատասխանատուութիւններ ստանձնած մեր թագուհիներուն եւ իշխանուհիներուն, որոնք կոչուեցան Աշխէն թագուհի եւ Շուշանիկ Պահլաւունի, Փառանձեմ ու Սօսէ Մայրիկ ու մինչեւ նոր ժամանակներու յայտնի ու անյայտ մեր բոլոր անզուգական մայրերուն:
Վերջապէս, ինչպէս չյիշել հայ մօր խոր հաւատքին, անհուն սիրոյն ու ծով զոհողութեան առջեւ խոնարհած Պարոյր Սեւակի հետեւեալ տողերը.-
ՙԵկէք այսօր մենք համբուրենք որդիաբար
Մեզ աշխարհում ծնած, սնած,
Մեզ աշխարհում շահած, պահած,
Մեզնից երբե՜ք չկշտացած,
Փոշի սրբող, լուացք անող,
Անվերջ դատող, անվերջ բանող
Ա՜յս ձեռքերը.
Թող որ ճաքած ու կոշտացած,
Բայց մեզ համար մետաքսի պէս
Խա՜ս ձեռքերը…՚:
Հայ մարդուն սրտին հարազատ թարգմանը կ’ըլլայ Աւետիք Իսահակեան երբ կ’ըսէ՝ ՙԱմենալաւ կինը մա՜յրն է: Մօր սիրտը մարդկութեան սիրտն է, տիեզերքի սիրտը: Հէնց միայն մայր ունենալու համար արժէ աշխարհ գալ՚:
Աւելի ճիշդ ըսած՝ մի՜միայն Հա՜յ Մայր ունենալու համար կ’արժէ աշխարհ գալ...:












All the contents on this site are copyrighted ©.