2013-03-15 12:37:57

ֆրանսացի Կարտինալներու Տպաւորութիւնները Նոր Քահանայապետին Մասին։


Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ ֆրանսացի Կարտինալները ըսած են որ նոր քահանայապետին պարզութիւնը զիրենք ՜՜զինաթափ՝՝ ըրած է։
Լիոնի առաջնորդը` կարտինալ ֆիլիփ Պարպարան ըսած է. ՜՜վստահ եմ որ ան մեզ պիտի զարմացնէ։ Պորտօ թեմի առաջնորդը կարտրինալ Ռիքար, մէջբերելով Նոր Քահանայապետի խօսքը, հրաւիրած է հոգեւորականները որ Եկեղեցին դարձնեն Քրիստոսի ճշմարիտ եկեղեցին, որ պէտք չէ կեդրոնանայ ինքն իր վրայ այլ պէտք է գիտնայ արուարձանները երթալ հանդիպելու եկեղեցիէն հեռացած հաւատացեալներուն հետ։ Փարիզի առաջնորդը կարտինալ Վան Թրուա, յոյս յայտնած է որ Քահանայապետը հեռու մնայ Վատիկանի կառավարութենէն։
Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը` հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս, իր շնորհաւորական գիրով գոհութիւն կը մատուցէ Ամենակալին նոր Քահանայապետին ընտրութեան համար, որ ՜՜յիսուսեան՝՝ մըն է։ Այս ընտրութեամբ եկեղեցւոյ համար յոյսով լի նոր հանգրուան մը կը սկսի, ըսած է ան աւելցնելով. Յիսուսեան կրօնաւորական բոլոր միաբաններս աղօթքով կ'ընկերանանք նոր Քահանայապետին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Անոր որ վեհանձնութեամբ ընդունեցաւ պատասխանատութիւնը, հովուելու՝ Եկեղեցին։Իր առած նոր անունը` ֆրանչիսկոս, կը վերակոչէ աւետարանական ոգին, աղքատներուն հանդէպ հոգատարութիւնը ու անոր յանձնառումը Եկեղեցւոյ բարենորոգումին։ Իր ընտրութեան առաջին պահուն, քահանայապետը Աստուծոյ ժողովուրդին առջեւ ներկայացաւ ամենայն պարզութեամբ, խոնարհութեամբ, հովուական փորձառութեամբ ու խոր հոգեւորականութեամբ։
Մեր միաբանութեան իւրայատուկ նկարագիրն է՝ ըլլալ կրօնաւոր, առաքեալ եւ քահանայ ու սիրով ու ծառայութեան ոգիով միացած՝ Հռոմի Քահանայապետին։ Ասոր համար կը բաժնենք համայն եկեղեցւոյ ուրախութիւնը, անգամ մը եւս վերանորոգելով մեր տրամադրութիւնը, ծառայելու Տիրոջ Այգիին մէջ, համաձայն Սրբազան Հօր հանդէպ մեր հնազանդութեան իւրայատուկ ուխտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.