2013-03-15 13:11:32

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարի Շնորհաւորական Նամակը


Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը վերապատուելի Օլավ Թվէյթ շնորհաւորելով Նոր Քահանայապետին ընտրութիւնը վերահաստատած է իր կամքը համագործակցելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ եւ որակեց ֆրանչիսկոս Պապը որպէս ուխտաւորը արդարութեան եւ խաղաղութեան։ Ան միշտ համեստ ապրած է ու պայքարած ընկերային արդարութեան ի խնդիր ու աղքատութեան դէմ։ Վերապատուելին իր հեռագիրին մէջ կը մատնանշէ որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը Վատիկանեան Բ Տիեզերակն ժողովէն ասդին երկխօսութիւն ու շինիչ համագործակութիւն ունեցած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ։ Վերապատուելին յոյս յայտնած է որ ֆրանչիսկոս Պապին հետ շարունակուի համամիութենական շարժումի ''դրական'' ուժականութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.