2013-03-15 12:48:48

Գործնական միջոցառումներ «Հաւատքի տարի»ին համար


Բենեդիկտոս ԺԶ-րդ վաստակաւոր Սրբ. Քահանայապետը «Հաւատքի դուռը» շրջաբերականի գաղափարները արագ ձեւով ուսումնասիրելէ ետք, բնական կերպով կարելի է հարցնել. ի՞նչպէս կարող ենք գործնականօրէն ոգեւորել այս տարուայ տօնակատարութիւնը եւ զայն ապրիլ, որպէսզի պտուղ տայ եւ քաջալերէ հաւատացեալները աւելի խոր կերպով ճանչնալու իրենց հաւատքը ու հաւատքի ճշմարտութիւններուն ծանօթանալու, ուրախութեամբ եւ միասնաբար, Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն, ըլլայ ժողովրդական, ըլլայ թեմական շարժումներուն, հաստատութիւններուն ու միութենական մակարդկներուն վրայ: Բազմաթիւ գաղափարներ կան. Եպիսկոպոսը իր թեմէն ներս, քահանան՝ իր ժողովրդապետութեան կամ դպրոցին մէջ, վանահայրը՝ իր վանքին մէջ ու հասարակութեան հետ, ըլլալու են արուեստագէտներ: Անոնք գիտնալու են ինչպէս արծարծել Ս. Հոգւոյն ներգործումը իրենց տրամադրուած բոլոր միջոցներով:
Ահաւասիկ կարգ մը գործնական միջոցառումներ.
ա- Շահեկան է որ իւրաքանչիւր թեմին մէջ յատկացուի օր մը «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Ուսուցում»ին, ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ քահանաներուն, նուիրեալ հոգիներուն եւ քրիստոնէականի ուսուցիչներուն մասնաւորապէս: Այս առիթով ու Արեւելեան Եկեղեցիներուն մակարդակով, կարելի է կազմակերպել կեդրոնական ու ծաւալուն հանդիպում մը բոլոր Եպիսկոպոսներուն, Քահանաներուն, որոնց ներկայութիւնը, իւրաքանչիւր ծիսական տարբեր աւանդութիւններով, ըլլայ հաւատքի զօրակցութեան վկայութիւն մը՝ միացած Յիսուս Քրիստոսի մէջ:
բ- Իւրաքանչիւր Եպիսկոպոս կրնայ հաւատքի նիւթին շուրջ հովուական շրջաբերական մը գրել ու բաժնել հաւատացեալներուն, յիշեցնելով Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Ուսուցում»ին անհրաժեշտութիւնը, նկատի առնելով հովուական յատուկ պայմանները՝ ուղղուած հաւատացեալներու խմբակներուն:
գ- Շատ կաեւոր է, տեղական Եպիսկոպոսի պատասխանատուութեան հովանաւորութեամբ, երիտասարդութեան համար Քրիստոնէական ուսուցման հանդիպումներ կազմակերպել, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքին իմաստը կ՛որոնեն, գտնելու համար եկեղեցւոյ հաւատքին գեղեցկութիւնը, կեանքի վկայութիւններ խնդրելով անձերէ, որոնք հաստատակամ հաւատքը կ՛ապրին:
դ- Անհրաժեշտ է կրկին աշխուժացնել Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ուսուցումը, յատկապէս քրիստոնէական ուսուցումի պատասխանատուներուն մէջ: Ասոր համար թեմական յանձնախումբը իր գործը պիտի կեդրոնացնէ քրիստոնէականի ուսուցիչներու դաստիարակութեան կազմաւորման վրայ, որպէսզի անոնք իւրացնեն հաւատքի ճշմարտութիւնները եւ ջանք թափեն այս նիւթը հարազատօրէն փոխանցելու:
ե- Քահանաներու կազմաւորման շուրջ, հաւատքի տարուոյն ընթացքին կարելի է կեդրոնանալ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին եւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Ուսուցումին գրութիւններուն վրայ, յատկապէս կարգ մը նիւթերուն շուրջ, զոր օրինակ՝ «Եկեղեցի եւ Փրկչագործութեան Խորհուրդը», «Նոր Աւետարանացումը այսօրուայ աշխարհին մէջ», «Հաւատքը եւ անոր մերժումը», ինչպէս նաեւ որոնել այն միջոցները Քրիստոնէական ուսուցումը ներմուծելու աշխատանքին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.