2013-03-15 12:39:28

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Շնորհաւորական Նամակը Նորընտիր Պապին


Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Հռոմէական եկեղեցւոյ նորընտիր սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Ա. պապին` անոր ընտրութեան առիթով, 14 մարտ 2013-ին:
Ձերդ սրբութիւն,
Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ քրիստոնէական սիրոյ ու եղբայրակցութեան ոգիով կ՛ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը: Վստահ ենք, որ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն, Ձեր ընտրութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան ու վկայութեան նկատմամբ նոր յոյս պիտի բերէ: Ձեր կեանքի պարզութիւնը, ընկերութեան զրկեալ դասակարգին նկատմամբ Ձեր ունեցած յատուկ հոգածութիւնը եւ Ձեր ամբողջական յանձնառութիւնը եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան, վստահաբար նոր կենսունակութիւն պիտի յառաջացնէ կաթոլիկ եկեղեցւոյ աւետարանչական առաքելութեան ծիրին մէջ:
Մեր հաստատ յոյսն է, որ վերանորոգ թափով պիտի շարունակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հռոմի եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը, որ արմատացած է մեր երկու եկեղեցիներու պատմութեան մէջ: Մեր սպասումն է, որ միջեկեղեցական յարաբերութեանց այս ժամանակաշրջանին կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական դերակատարութիւնը աւելի լայն արտայայտութիւն գտնէ միջազգային, շրջանային եւ տեղական մակարդակներու վրայ:
Այս յոյսով, կրկին անգամ Ձերդ սրբութեան կը փոխանցենք Մեր եղբայրական սէրն ու ջերմ շնորհաւորութիւնները: Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ձեզ զօրացնէ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս, որպէսզի կարողանաք զօրեղ հաւատքով ու յստակ տեսիլքով կատարել Ձեզի վստահուած հայրապետական առաքելութիւնը` բազմազան մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն:
Ձերդ Քրիստոսով`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ








All the contents on this site are copyrighted ©.