2013-03-15 12:49:28

«Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նորընտիր Քահանայապետը Մօտ Յարաբերութիւններ Ունեցած Է Պուէնոս Այրեսի Հայկական Համայնքին Հետ» Կ՛ըսէ Մարիօ Նալպանտեան։


Հռոմի նոր Պապի ընտրութեան վերաբերեալ արժանթինահայութեան արձագանգին եւ գնահատականներուն համար «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկիրն Այսօր» հաղորդումը զրոյց ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանի հետ։ (Ուղիղ կապ հաստատելով Արժանթին) :
Նալպանտեան ընդգծեց, որ կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ մօտիկ յարաբերութիւններ ունեցած է Պուէնոս Այրեսի հայկական բաւական ազդեցիկ համայնքին հետ եւ առիթներ ունեցած է մասնակցելու համայնքային ձեռնարկներուն:
Հռոմի նորընտիր Ֆրանչիսկոս անունը առնող Պապը 7 տարի առաջ, Պուենոս Այրեսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 91-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն ժամանակ կոչ ուղղած է Թուրքիոյ` ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.