2013-03-15 12:53:18

«Արի Տուն» Ծրագիրը Յունիս 11էն -Օգոստոս 30.


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրը այս տարի պիտի մեկնարկէ Յունիս 11ին եւ աւարտի Օգոստոս 30ին:
Անիկա պիտի իրականանայ ութ հանգրուանով: «Քանի որ այս տարի ծրագրի համար յատկացուած գումարներն աւելի շատ են, հրաւիրուող մասնակիցների թիւը նախատեսւում է հասցնել 900ի՝ 2012 թուականի 800ի փոխարէն», յայտնած է Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեանը «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
«Այցելելով Հայաստան եւ մասնակցելով «Արի Տուն» ծրագրին, սփիւռքահայ երիտասարդները հնարաւորութիւն կ՛ունենան ծանօթանալու հայրենիքի պատմութեան ու մշակոյթին: Միաժամանակ անոնք կ՛ունենան բացառիկ հնարաւորութիւն ապրելու հայկական հիւրընկալ ընտանիքի մէջ եւ ձեռք բերելու հասակակից ընկերներ Հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն», յայտնած է Ատոմ Մխիթարեան:
Ծրագիրի հիմնական նպատակը սփիւռքահայ երիտասարդները Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին, հասարակական կեանքին, հոգեւոր եւ ընտանեկան աւանդոյթներուն ծանօթացնելն է, ինչպէս նաեւ հայրենիքին հետ ամուր կապերու ձեւաւորման նպաստելը, ազգային ինքնորոշման ամրապնդումը եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի հասակակից երիտասարդներուն միջեւ ընկերական յարաբերութիւններու հաստատումը:
Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 13-20 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդները, որոնք պէտք է հոգան միայն բնակութեան երկրէն Հայաստան գալու եւ վերադառնալու ճամբու ծախսը։
Ծրագիրը կը ներառէ այցելութիւններ Հայաստանի հիմնական պատմամշակութային վայրեր, համերգներ, փառատօներ, ցուցահանդէսներ, թատերական ներկայացումներ, նաեւ՝ հայոց լեզուի, գրականութեան, պարարուեստի, Հայոց պատմութեան եւ եկեղեցական աւանդութիւններու ուսուցում: Ծրագիրը կարեւոր է Հայաստանի եւ Սփիւռքի հասակակիցներու միջեւ կապերու հաստատման իմաստով, ինչպէս նաեւ յատկանշական են պետական եւ հասարակական նշանաւոր գործիչներու հետ հանդիպումները:









All the contents on this site are copyrighted ©.