2013-03-14 13:25:39

Յոիսուսեան Հայր Լոմպարտին Ուրախ եւ Անակնկալի Մատնուած է։


Նոր Քահանայապետի անունի յայտարարութեան ի լուր Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, լրագրողներու հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, յայտնած է թէ ''խորապէս ցնցուցած'' է եւ միաժամանակ ուրախ։
''Մեծ անակնկալ մըն է Պերկոլիոյի ընտրութիւնը, որ կը բացայատէ կարտինալներու ''քաջութիւնը'' որ առաջին անգամուայ համար կ՛ընտրեն Լատին Ամերկացի մը որպէս Քահանայապետ'' ըսած է Հայր լոմպարտին մատնանշելով նաեւ թէ Ան կը հանդիսանայ առաջին Յիսուսեան միաբանութեան անդամ քահանայապետ։
Հայր Լոմպարտին ակնարկած է նաեւ ''ֆրանչէսկոսի'' եւ ''Պենետիկտոսի'' միջեւ ''խոր հոգեւոր կապին''։ Ան ապա ընդգծաց է Յիսուսեան Միաբանութեան ծառայութեան հոգին, ակնարկելով թէ նորընտիր Քահանայապետը այս Հոգիով է որ ընդունած է Քահանայապետութիւնը, ոչ որպէս իշխանութիւն այլ որպէս Եկեղեցւոյ լոկ ծառայութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.